21 Դեկտեմբեր թուակիր հաղորդագրութեան միջոցաւ, Արեւմտեան Ամերիկայի Համահայկական խորհուրդը, շեշտելով, որ Արցախի 120 հազար բնակչութիւնը Բերձորի (Լաչին) միջանցքի փակումով, 12 Դեկտեմբերէն ի վեր պաշարուած են Ատրպէյճանի նախագահ Ալիեւի վարչակազմի վարձկաններուն կողմէ, խախտելով միջազգային օրէնքները եւ 9 Նոյեմբեր 2020ի եռակողմ յայտարարութեան պայմանները՝ կոչ ըրաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմին, որ անմիջական քայլերու դիմէ, որպէսզի արցախահայութիւնը դէմ յանդիման չգտնուի մարդասիրական լուրջ աղէտի մը։
Արեւմտեան Ամերիկայի մեծագոյն հայկական համախմբումը հանդիսացող Արեւմտեան Ամերիկայի Համահայկական խորհուրդը նաեւ կոչ կ՛ընէ Սպիտակ տան, որ պատժամիջոցներ հաստատէ Ալիեւի վարչակազմին դէմ՝ նշելով, որ Բերձորի միջանցքին փակումը մէկ մասնիկն է Արցախի հայութեան դէմ ցեղասպանական արշաւին՝ աւելցնելով, թէ ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղարի գրասենեակին կողմէ սահմանուած ցեղասպանութեան վտանգի բոլոր 14 գործօնները ներկայ են Արցախի դէմ։
Մանրամասնութիւններ տալէ ետք պաշարումին պատճառած ճգնաժամին եւ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ միջանցքին հարցով տեղի ունեցած քննարկումին մասին՝ խորհուրդը կը յիշեցնէ, թէ մարդկային իրաւանց պաշտպան Human Rights Watch հեղինակաւոր կազմակերպութեան Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիոյ տնօրէն Հիւ Ուիլեըմսըն հետեւեալը ըսած է. «Անկախ անկէ, թէ ով է ճամբան փակողը, Ատրպէյճանի իշխանութիւնները եւ միջանցքին մէջ տեղակայուած ռուսական խաղաղապահ ուժերը պէտք է երաշխաւորեն, որ անցքը բաց մնայ` ապահովելու համար ազատ տեղաշարժը եւ կենսական ապրանքներու եւ սպասարկութիւններու հասանելիութիւնը: Որքան երկար տեւէ հիմնական ապրանքներու մատակարարումներու եւ սպասարկութիւններու խափանումը, այնքան մեծ պիտի ըլլայ վտանգը շրջանի քաղաքացիներուն համար»։
Այնուհետեւ, խորհուրդը Սպիտակ տան կը ներկայացնէ հետեւեալ պահանջները.
1. Դատապարտել Արցախի հայութեան դէմ Ատրպէյճանի ցեղասպանական արշաւը եւ պահանջել Բերձորի միջանցքին անմիջական բացումը։
2. Արցախի 120,000 հայութեան, ներառեալ՝ 30,000 մանուկներ եւ 20,000 տարեցներ, տրամադրել առնուազն 100 միլիոն տոլարի մարդասիրական աջակցութիւն։
3. Կասեցնել Ատրպէյճանին տրամադրուող ամերիկեան աջակցութիւնները։
4. Պատժամիջոցներ հաստատել Ալիեւի վարչակազմին դէմ։
5. ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին ներկայացնել բանաձեւ մը՝ նպատակ ունենալով Արցախի մէջ առնուազն 5 տարիներու պայմանաժամով ՄԱԿի առաքելութիւն հաստատել, 5000 զինուորներու մասնակցութեամբ։
Արեւմտեան Ամերիկայի Համահայկական խորհուրդը հիմնուած է 2019ին, Քալիֆորնիոյ Պըրպենք քաղաքին մէջ եւ բաղկացած է հայ համայնքը ղեկավարող 25 մեծագոյն կրօնական, քաղաքական, մշակութային եւ մասնագիտական կազմակերպութիւններէ։ Խորհուրդին միջոցով այս կազմակերպութիւնները կը ձգտին իրականացնել կազմակերպութեան առաքելութեան յայտարարութիւնը՝ իրականացնել համահամայնքային բնոյթի ծրագիրներ, խրախուսել եւ աջակցիլ ծրագիրներու, որոնք յառաջ կը մղեն Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի հայ համայնքներուն հաւաքական շահերը եւ իրաւունքները, քայլեր ձեռնարկել՝ դիմակայելու հայութեան հաւաքական շահերուն եւ իրաւունքներուն հակասող գործողութիւնները եւ ջանքերը, հաւաքել եւ կիրառել հայ համայնքի միջոցները՝ ի շահ համայնքի շահերուն, ինչպէս նաեւ՝ ի շահ Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններուն միշտ զգոյշ ըլլալ հայ համայնքի հաւաքական առողջութեան եւ պաշտպանութեան նկատմամբ։