ԵՐԵՒԱՆ, «ԱՐՄԷՆՓՐԷՍ».- Նոյեմբեր 13ին, պաշտպանութեան նախարար Սերժ Սարգսեան պաշտօնական այցով մեկնեցաւ Իրաք: Այցի ընթացքին նախարարը հանդիպումներ պիտի ունենայ Իրաքի պաշտպանութեան նախարարի, խաղաղապահ առաքելութեան բազմազգ ուժերու ղեկավարութեան հետ եւ պիտի ծանօթանայ հայ զինուորներու եւ սպաներու ծառայութեան պայմաններուն:
«Հայաստանը չի կարող լինել լոկ անվտանգութեան սպառող, Հայաստանն իր համեստ, բայց հաստատուն ներդրումը պէտք է ունենայ համաշխարհային անվտանգութեան գործընթացներում եւ, ինչպէս ցոյց է տուել ժամանակը, հայ զինուորները, սպաներն իրականացնում են կարեւոր, բայց նաեւ դժուար, վտանգաւոր աշխատանք, որը պէտք է առաջին հերթին Հայաստանի Հանրապետութեանը: Նրանք իրենց ծառայութեամբ մէկ անգամ եւս հաստատում են, որ Հայաստանը կայացած պետութիւն է», յայտարարեց պաշտպանութեան նախարարը եւ յայտնեց, որ պաշտպանութեան նախարարութիւնը արդէն դիմած է Ազգային ժողով՝ Իրաքի մէջ հայկական խաղաղապահ առաքելութեան ժամկէտը երկարաձգելու համար: