ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Քոնկրեսի Հայկական համախմբումը կը տեղեկացնէ, թէ Միացեալ Նահանգներու 2023ի պետական ամավարկին մէջ, Հայաստանի համար աննախընթաց՝ 60 միլիոն տոլար, իսկ Արցախի համար՝ երկու միլիոն տոլար աջակցութիւն ներառնուած է։
Յիշեցնենք, որ Քոնկրեսի Հայկական համախմբումին ջանքերով, առաւել քան 60 քոնկրեսականներ Ապրիլին, նամակով մը դիմած էին Պետական, արտաքի գործողութիւններու եւ յարակից ծրագիրներու ենթայանձնախումբին, որ յատկանշական աջակցութիւն ցուցաբերուի Հայաստանին եւ Արցախին, անոնց տնտեսութիւններուն զարկ տալու, ուժանիւթի անկախութիւն ապահովելու եւ ժողովրդավարական կարգերը ամրապնդելու ու Արցախը ականազերծելու ջանքերը ամբողջացնելու նպատակներով։
Վաւերացուած բանաձեւին մէջ, Միացեալ Նահանգներու կառավարութենէն նաեւ կը պահանջուի քննել Արցախի վրայ Ատրպէյճանի յարձակումին վնասները եւ անոր հիման վրայ մարդասիրական աջակցութիւն տրամադրել Արցախին։
Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի համաատենապետները՝ Ֆրեքն Փալոն, Ճեքի Սփիր, Տէյվիտ Վալատաօ եւ Էտըմ Շիֆ ողջունեցին այս աջակցութեան վաւերացումը՝ շնորհակալութիւն յայտնելով յատկապէս նշեալ յանձնախումբի ատենապետ Պարպարա Լիին, որ նեցուկ կանգնած էր իրենց ջանքերուն, միաժամանակ աւելցնելով, որ յաւելեալ աջակցութիւն պէտք է տրամադրուի Արցախի ժողովուրդին, յատկապէս Արցախը պաշարելու՝ Ատրպէյճանի վերջին քայլերուն լոյսին տակ։