
Դեկտեմբեր ամսուն, ՀԲԸՄի Լոս Անճելըսի երգչախումբը տարին փակելով շլացուցիչ Tis the Season տօնական համերգով՝ 2023ի տարեմուտը կը նշէ բաց հրաւէրովը հայ պատանիներուն՝ միանալու ՀԲԸՄի Լոս Անճելըսի կրտսերներու երգչախումբին, որ բնական կապն է չափահասներու խումբին:
Այս ձմեռ երաժշտական հակում ունեցող 7-17 տարեկան պարման-պարմանուհիներ յատուկ առիթը ունին բացայայտելու եւ մշակելու իրենց ձայնային կարողութիւնները ապահով եւ խնամող միջավայրի մը մէջ, Լոս Անճելըսի երգչախումբի խմբավար՝ Գայիանէ Բաղդասարեանի ղեկավարութեան տակ:
Տարբեր երգչախումբեր ղեկավարելու երեսուն տարուան նուիրուածութեան ու փորձառութեան շնորհիւ, Բաղդասարեան յստակ տեսիլքը ունի երգչախումբի նոր անդամներ ոգեւորելու համար: «Մեր Սուրբ Ծննդեան ելոյթէն ետք, չէինք կրնար չոգեւորուիլ եւ չկիսել յաջողութիւնները մեր երիտասարդութեան հետ: Երգչախումբերը ո՛չ միայն հիանալի միջոց են ձայնային հմտութիւններ զարգացնելու, այլ՝ նոր ընկերներ ունենալու եւ ամուր կապեր հաստատելու: Տարբեր առումներով, երգչախումբը կը նմանի մարզանքի. իւրաքանչիւր երգիչ խումբի անդամ է: Մեր ցանկութիւնն է, որ անոնք ըմբռնեն խմբային աշխատանքին արժէքը եւ ապրին փորձառութիւնը թէ՛ մարդոց հետ աշխատելու ներդաշնակութեան եւ թէ ձայնային ներդաշնակութեան»:
Դասերը տեղի պիտի ունենան ամէն Հինգշաբթի, կ.ե. ժամը 5էն սկսեալ, 90 վայրկեան տեւողութեամբ, ՀԲԸՄի Փասատինայի «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» կատարողական արուեստի կեդրոնին մէջ: Առաջին 45 վայրկեանները պիտի կեդրոնանան ձայնամարզութեան վրայ, երբ աշակերտները պիտի սորվին ձայնալարերու ճիշդ օգտագործում, շնչառութեան վերահսկում եւ ձայնի արձակում: «Ձայնային թեքնիքը էական է», ըսաւ Բաղդասարեան՝ աւելցնելով. «Հակառակ տարածուած կարծիքին, իւրաքանչիւր անձ կրնայ երգել սորվիլ, համապատասխան ցուցմունքով, ուղղութեամբ եւ մարզումներով»:

Երկրորդ 45 վայրկեաննոց դասաժամը նուիրուած պիտի ըլլայ երգչախումբի փորձերուն: Մասնակցողները պիտի փոխանցեն իրենց ձայնային հմտութիւնները եւ պիտի ներկայացնեն զանոնք իբրեւ խմբային աշխատանք: Ծրագիրին սկիզբը մայէսթրան պիտի որոշէ իւրաքանչիւր աշակերտի ձայնը՝ սոփրանօ, ալթօ, թենոր կամ պաս: Բացի այդ, աշակերտները իրենց մէջ պիտի զարգացնեն միւս աշակերտներուն երգը լսելու արուեստը, որ զիրենք աւելի զգայուն պիտի դարձնէ ներդաշնակուելու, երգերը սորվելու իբրեւ համոյթ եւ ձայնային տարբերութիւնները դիտարկելու առումով:
Այդ նպատակով, այս կարեւոր ծրագիրը պիտի աւարտի բեմական ելոյթով՝ ցուցադրելով LA Junior երգչախումբի յառաջընթացքը: Տարուան ընթացքին պատանիներու եւ չափահասներու երգչախումբերը հայ համայնքին համար պիտի կազմակերպեն զանազան համերգներ:
ՀԲԸՄի Լոս Անճելըսի երգչախումբի վարչութեան ատենապետուհի Կարինէ Սէօյլեմէզեան նաեւ շեշտեց այս ծրագիրին յաւելեալ արժէքը երիտասարդ սերունդին համար, ըսելով՝ «Փորձառութիւն մըն է, որ կրնայ երկար ճամբայ անցնիլ երգչախմբային երաժշտութիւնը գնահատելու համար՝ միաժամանակ զարգացնելով կեանքի այնպիսի հմտութիւններ, ինչպէս՝ փորձերու կարգապահութիւնը, խմբային աշխատանքի արժէքը եւ բեմական ներկայութեան ուժը»:
«Այն հայ երիտասարդները, որոնք անցնող Դեկտեմբերին ներկայ գտնուեցան Լոս Անճելըսի երգչախումբի տօնական համերգին եւ հմայուեցան այդ ոգեշնչող երաժշտական ժանրի (տեսակի) կախարդանքով, հիմա կրնան բացայայտել իրենց սեփական «ներքին կատարողը», աւելցուց ՀԲԸՄի Արեւմտեան շրջանի տնօրէն Գոհար Ստամբոլեան:
Կանուխ արձանագրութիւնները, մինչեւ Յունուար 19, կ՛արժեն 100 տոլար իւրաքանչիւր պատանիի համար, իբրեւ առաջին ամսուան վճարում: Ապա, շաբաթը մէկ կայանալիք դասերու ամսական արժէքը 120 տոլար է: Արձանագրուելու համար այցելեցէք՝ կայքէջը։
(Թղթակցութիւնը՝ ՀԲԸՄի Արեւմտեան շրջանէն)
