Ատրպէյճան բողոքագիր յղած է Փարիզին` իր խոր մտահոգութիւնը յայտնելով «Ֆրանսայի զանազան քաղաքական ուժերու կողմէ Ատրպէյճանի դէմ կողմնակալ եւ զրպարտիչ արշաւին առնչութեամբ, որ չ՛արժանանար ֆրանսական կառավարութեան անհրաժեշտ հակազդեցութեան: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ բողոքագիրը յանձնուած է Պաքուի մօտ Ֆրանսայի դեսպան Անն Պուայոնին:
Մեկնաբանելով Ֆրանսայի քաղաքական կուսակցութիւններու ղեկավարներուն կողմէն «Լը Մոնտ» օրաթերթին մէջ հրապարակուած նամակին, որուն մէջ այդ գործիչները կը պահանջէին բանալ Բերձորի միջանցքը՝ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը նշէ. «Վերոյիշեալ նամակը Ֆրանսայի մէջ իրականացուող հակաատրպէյճանական քայլերու նպատակաուղղուած եւ համակարգուած շարունակութիւնն է»:
«Ատրպէյճանական կողմը Փարիզի ուշադրութիւնը կը հրաւիրէ այն հանգամանքին վրայ, որ պէտք է անյապաղ կերպով համապատասխան քայլերու ձեռնարկել Ֆրանսայի կառավարութեան կողմէ Ատրպէյճանի դէմ իրականացուող արշաւին վերջ տալու համար», կ՛ըսուի Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բողոքագիրին մէջ: