ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ռոյթըրզ».- Շաբաթ, Նոյեմբեր 11ին, «Հըզպալլա»ի եւ «Ամալ» շարժումի հինգ նախարարները հրաժարեցան Լիբանանի կառավարութենէն, աւելի եւս սրելով երկրին մէջ տիրող քաղաքական լարուածութիւնը: Այլ նախարար մը հրաժարեցաւ Երկուշաբթի օր:
Հրաժարականներու ներկայացումէն ետք «Հըզպալլա»ն եւ «Ամալ» շարժումը հրապարակեցին միացեալ հաղորդագրութիւն մը, ըստ որուն՝ զոյգ կուսակցութիւնները կատարեալ լայնախոհութեամբ մասնակցած են ազգային խորհրդակցութեան նիստերուն, սակայն մեծամասնութեան ուժերուն մէկ մասը ազգային խորհրդակցութեան նիստին կանխաւ արդիւնքներ ուզած է ճշդել եւ մերժած՝ ազգային միասնականութեան կառավարութիւն կազմել, բոլոր համայնքներուն երաշխիքներ ապահովելու համար։
Հաղորդագրութիւնը շեշտեց նաեւ, որ շիի նախարարները նեցուկ պիտի չկանգնին կառավարութեան տալիք այն որոշումներուն, որոնց իրաւացիութեան մասին իրենք համոզուած չեն։
Վարչապետ Ֆուատ Սինիորա մերժեց շիի նախարարներուն հրաժարականները, իսկ Երկուշաբթի օր, արտակարգ նիստի մը ընթացքին, կառավարութիւնը որշեց նեցուկ կանգնիլ Լիբանանի նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան հարցով միջազգային ատեան մը կազմելու որոշումին: Ժողովին չմասնակցեցան շիի նախարարները:
Նիստը գումարուեցաւ հակառակ այն իրողութեան, որ նախագահ Էմիլ Լահուտ դէմ արտայայտուեցաւ անոր, նիստը հակասահմանադրական համարելով:
Նախագահական պալատէն հրապարակուած հաղորդագրութեան համաձայն՝ կառավարութիւնը կորսնցուցած է իր սահմանադրական օրինականութիւնը, հետեւաբար, կառավարութեան տուած որեւէ որոշում հակասահմանադրական կը դառնայ։ Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ որեւէ կառավարութիւն, որ կը հակադրուի երկրին մէջ գոյացած ազգային համերաշխութեան ուխտին, կը նկատուի ապօրինի։
Միւս կողմէ, Լիբանանի մէջ «Քայիտա» կազմակերպութիւնը Երկուշաբթի օր սպառնաց տապալել «Իսրայէլի եւ Միացեալ Նահանգներու կամակատար» Սինիորայի կառավարութիւնը։