Արդէն 23րդ օրն է, որ Արցախը աշխարհին կապող միակ ճամբան՝ Լաչինի միջանցքը, կը շարունակէ մնալ փակ. միջանցքը 12 Դեկտեմբերին փակեցին իրենց զիրենք բնապահպան անուանող ատրպէյճանցիները:
Այս շրջափակման պատճառով, բաւական մեծ վտանգի դէմ յանդիման կը գտնուին Արցախի 120 հազար բնակիչները, որոնց կարգին 30 հազար մանուկներ, 20 հազար տարեցներ ու շուրջ 9 հազար հաշմանդամութիւն ունեցող անձեր:
Ճամբուն փակ ըլլալուն պատճառով, Հայաստանէն Արցախ չեն կրցած վերադառնալ 1100 անձեր, որոնց կարգին՝ 270 մանուկներ:
Խախտած են անձերու ազատ տեղաշարժի, նուազագոյն կենսամակարդակի ապահովման, բժշկական խնամք ստանալու, կրթութեան եւ մարդկային տարրական այլ իրաւունքներ:
Արցախի մէջ գործող խանութները, դեղարանները եւ շուկաները գրեթէ դատարկ են: Արցախի կառավարութիւնը 29 Դեկտեմբերէն, ուտելիքի հանրային ծառայութիւններու մատուցումը սահմանափակելու որոշում տուաւ: Արցախի մէջ խանութները մատակարարումներ կը ստանան պահեստային միջոցներէ՝ միայն կառավարութեան որոշումով:

Հիւանդանոցներուն մէջ ոչ-անմիջական վիրահատութիւններ չեն կատարուիր. ըստ 30 Դեկտեմբերի տուեալներուն՝ «Արեւիկ» բժշկական հիմնարկին մէջ, 12 մանուկներ կը գտնուին նորածիններու եւ վերակենդանացման բաժանմունքներուն մէջ: «Հանրապետական բժշկական կենտրոն»ին մէջ 12 հիւանդներ կը գտնուին վերակենդանացման բաժանմունքին մէջ. անոնցմէ 5ը ծայրայեղ ծանր վիճակի մէջ են:
Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէին միջնորդութեամբ՝ մէկ անգամ մարդասիրական բեռ հասաւ Արցախ, հիմնականին մէջ՝ դեղորայք, մանուկներու ուտելիք եւ բժշկական պարագաներ: Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէին միջնորդութեամբ Արցախէն Հայաստանի զանազան բժշկական կեդրոններ տեղափոխուեցան 10 հիւանդներ, որոնց մէջ՝ 4 ամսական մանուկ մը:
13 Դեկտեմբերին, Արցախի պետական նախարարի խորհրդական Արտակ Բեգլարեան եւ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Դաւիթ Բաբայեան յայտարարեցին, որ Լաչինի միջանցքը փակած անձերը ոչ թէ բնապահպանական գործիչներ են, ինչպէս կը ներկայանան, այլ Ատրպէյճանի յատուկ ծառայութիւններուն եւ բանակին մէջ աշխատող մարդիկ: Միջանցքը փակելու առաջին իսկ օրերէն տարածուած են տեսանիւթեր եւ լուսանկարներ, որոնք կը վկայեն, որ ճամբան փակած անձերուն մէջ կան նաեւ թրքական ծայրայեղական «Գորշ գայլեր» կազմակերպութեան համակիրներ:
Ստեփանակերտի նպարավաճառներուն մօտ, յատկապէս ամանորեան մեծաքանակ վաճառքէն ետք, պարէնային հիմնական տեսականիի պակաս կայ, իսկ ուրիշներու պարագային, նաեւ բացակայութիւնը առաւել նկատելի դարձած է:


«Արմէնփրէս»ի թղթակիցին շրջագայութենէն ի յայտ եկաւ, որ սպառած են հաւկիթը, շաքարը, ձաւարեղէնը, կաթնամթերքը, ձէթը եւ ծխախոտը:
Առեւտրական մեծ կեդրոններուն մէջ կան որակական համեմատաբար բարձր յատկանիշներով եւ համապատասխան գիներով պարէնային ապրանքներ՝ որոնց կարգին նաեւ մսամթերքի որոշ քանակ մը:
«Արցախի բնակչութեան առաջնային կարիքների ապահովման համար պետական պահուստային պաշարներից որոշ ապրանքատեսակների մատակարարում կ՛իրականացուի խանութներին»: 3 Յունուարին այս հաստատումը կատարեց պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանի գրասենեակը, որ կարեւոր նկատեց ապրանքատեսակներու համաչափ բաշխումը, որպէսզի բնակչութիւնը կարելիութիւնը ունենայ զանոնք ձեռք բերելու բոլոր խանութներէն:
Horrible Situation in Arzakh, like Jemal pasha did with Lebanese
people 1915, 200,000 died by Starvation, NOW WITH RUSSIAN
ASSISTANCE TO OBTAIN MEGHRY CONCESSION, THEY ARE
BLOCKADING FOR STARVATION 120,000 PERSON; WORLD IS
REVOLTING **WITHOUT IMPOSING SOLUTION TO END KILLING**.
This is the RESULT OF NOT CHOOSING 1st republic continuation.
42,000-29840= -12,160 square K.M. loss, US$800 Billion looting,
DISMANTLING 1700 FACTORY, ARMY LOOTING, MINES SELLING.
Arzakh situation ALONE is THE BIG RETHINKING, TO GET OUT OF
THIS **MOVING SAND** STRANGULATION, 12,160 IS EQUAL
2 MILLION GENOCIDE AND MORE, REALIZE, ACT FORCEFULLY
BUT UNITED AS ONE PATRIOT.