ԵՐԵՒԱՆ, ՀՀ Նախագահի Մամլոյ Գրասենեակ.- Նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան Նոյեմբեր 15ին եռօրեայ աշխատանքային այցով պիտի մեկնի Գերմանիա:
Այցի ընթացքին նախագահ Քոչարեան հանդիպումներ պիտի ունենայ Գերմանիոյ վարչապետ Անճելա Մերքէլի, խորհրդարանի նախագահ Նորպերթ Լամմերթի, Պերլինի քաղաքապետ Քլաուս Վովերայթի հետ:
Քոչարեանի եւ Գերմանիոյ խորհրդարանի նախագահի մասնակցութեամբ տեղի պիտի ունենայ Գերմանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանատան նոր շէնքի բացման պաշտօնական արարողութիւնը: