Ցեղասպանութեան կանխարգելման «Լեմքին» հիմնարկը ամփոփեց 2022 թուականը եւ տարեվերջի իր զեկոյցին մէջ ներկայացուց տարուան ընթացքին տեղի ունեցած իրադարձութիւնները, որոնք այս կամ այն ձեւով կապ ունին ցեղասպանութեան հետ: Զեկոյցին մէջ տեղ գտած են նաեւ Հայաստան եւ Արցախ:
«Լեմքին» հիմնարկը կը յայտնէ, որ 2022ին, Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութիւնը սպառնալիքի տակ դրուած է դրացի Ատրպէյճանի եւ անոր դաշնակից Թուրքիոյ կողմէ: Զեկոյցին մէջ կը ներկայացուին 44օրեայ պատերազմէն ետք Ատրպէյճանի կողմէ զինադադարի մնայուն խախտումները, ինչպէս նաեւ Սեպտեմբերին Հայաստանի դէմ Ատրպէյճանի գործած յարձակումը եւ հայ ռազմագերիներու հանդէպ վայրագութիւնները:
«Հակառակ անոր որ արտաքին աշխարհը արագ արձագանգեց` վերջ դնելու Ատրպէյճանի՝ Սեպտեմբերին կատարած յարձակումին, սակայն Հայաստանի ինքնիշխան տարածքի 140 քառակուսի քիլոմեթրը, ինչպէս նաեւ Արցախի կարեւոր հատուածները, որոնց կարգին Շուշի քաղաքը, դեռ բռնագրաւուած են Ատրպէյճանի կողմէ,» կը նշուի զեկոյցին մէջ։
Հիմնարկը նաեւ կը յայտնէ, որ 12 Դեկտեմբերէն սկսեալ, Ատրպէյճան փակած է Արցախը արտաքին աշխարհին կապող միակ ճամբան` յառաջացնելով մարդասիրական ճգնաժամ, որ կրնայ արագօրէն վերածուիլ աղէտի:
«Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի վարչակարգը երկրին մէջ բացայայտ կերպով կը վարէ դաժան հակահայկական քաղաքականութիւն` տօնելով պատերազմական յանցագործութիւնները եւ նոյն ժամանակ արտաքին աշխարհին ներկայանալով իբրեւ հանդուրժողականութեան ամրոց», կը գրեն «Լեմքին» հիմնարկի մասնագէտները՝ աւելցնելով, որ Թուրքիա եւ Ատրպէյճան, ուզելով Հայաստանէն ստանալ «Զանգեզուրի միջանցք», Հայաստանին կը սպառնան պատերազմով, բռնագրաւումով եւ ցեղասպանութեամբ:
Հիմնարկը ուշադրութեան կը հրաւիրէ այն, որ հզօր երկիրները, ինչպէս նաեւ Եւրոպական Միութիւնը, ՆԱԹՕն եւ այլ կառոյցներ կը շարունակեն բացայայտ կերպով աջակցիլ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի վարչակարգերուն:
«Ատրպէյճան Freedom House-ի կողմէ ճանչցուած է իբրեւ աշխարհի ամէնէն քիչ ազատ երկիրներէն մէկը: Վերջին տարիներուն, հոն աւելցած են լրագրողներու, մարդու իրաւունքներու պաշտպաններու, ցեղային փոքրամասնութիւններու եւ քաղաքացիական հասարակութեան նկատմամբ հալածանքները` այլախոհութիւնը վերացնելու համար օգտագործելով ներքին, ինչպէս նաեւ անդրազգային բռնաճնշումներ», կ՛եզրակացնեն մասնագէտները։