
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Մահը ոչինչ ետ կը բերէ,
այո՛, ոչինչ:
Ո՞ւր են տղաքը հազարաւոր,
որոնք ինկան կայծակնահար,
յաճախ նոյնիսկ առանց փամփուշտ արձակելու:
Բզկտուած մարմիններ
իրենց մթին կոպիճներէն
զիս կը դիտեն.
բերաններ են ու լեզուներ ջնջուած՝
ականատեսներ,
որոնք արդէն
անկարող են վկայելու:
Ճիշդ է, անձնապէս ես այնտեղ չէի
ո՛չ Հադրութի տարածքներուն,
ո՛չ ալ՝ Շուշիի,
եւ երբ բարձրաձայն հարց կու տայի՝
ի՞նչ դաւադրութեանց անոնք զոհ գացին,
մէկը պիտի հարցնէր,
թէ դուն իրենց կողքի՞ն էիր՝
մաքառելու, տեսնելու կամ բացատրելու
այն սադրանքները,
որոնք այնտեղ պատահեցան…
Կորուստներու քօղարկուած աշխարհ մը կայ,
որոնց մասին շատեր արդէն
կը խուսափին մտածելէ ու խօսելէ…
Մառախուղը կը տարածուի ամէնուր:
Պատկերները կը դիտեմ
տասնութամեայ եւ տասնիննամեայ տղոց,
լուսաւոր աչքերով կամաւորներուն՝
երբ մարմինները իրենց՝ դեռ առողջ էին,
ձեռքեր տակաւին
կրնային բահ, համակարգիչ
կամ գնդացիր գործածել,
ոտքեր չէին փշրուած,
դէմքեր՝ այրած, այլանդակուած …
Դիմատետրի վրայ յաճախ կը տեսնեմ
ընտանեկան լուսանկարներ,
որոնցմէ կարծես
կտրտուած ու հանուած են՝
կենդանի դէմքեր…
Տողերս եւս կը կտրտուին,
բառերը կարծես իմաստազուրկ կը դառնան,
ա՛յլ իմաստ կ՛առնեն
(անդին գրիչներ՝
ճշգրիտ բառերով, յանգով, կշռոյթով
տաղեր կ՛արտադրեն –
բա՜րձր ու խորունկ բանաստեղծութիւն):
Հորիզոնը բոսոր մոխիր կը տեղայ,
ճենճերումի թանձր հոտը
ռունգերէս վեր կը բարձրանայ,
ձայնս կարծես կը խեղդուի
խուլ աղմուկին մէջ անտարբերութեան…