
Ստորեւ կու տանք Համազգայինի «Անի» պարախումբի ղեկավարներ Եղիա Հաշօլեանի եւ Սիւզի Բարսեղեան Դարբինեանի մահախօսականը՝ նուիրուած Շաքէ Աճէմեանին.
Մենք առաջին անգամ Շաքէին հանդիպեցանք Պէյրութի մէջ, 1967ին, Համազգայինի «Քնար» երգ ու պարի համոյթին միջոցաւ: Այդ թուականէն ի վեր մօտիկ բարեկամներ մնացինք:
«Քնար»ի մեր անդամակցութեան տարիներուն, միասնաբար ելոյթներ ունեցանք տարբեր բեմերու վրայ եւ նոյնիսկ դէպի Կիպրոս ճամբորդեցինք ելոյթներու համար: Որոշ ժամանակ մը ետք, վերամիացանք Լոս Անճելըսի մէջ, երբ Շաքէն միացաւ Համազգայինի «Անի» պարախումբին եւ անոր վստահելի անդամը մնաց բաւական երկար ժամանակ, նախ իբրեւ պարող, ապա՝ իբրեւ քուլիսներու ետին կենսական աշխատանք տանող, յատկանշական ներդրում ունենալով պարախումբի յաջողութիւններուն մէջ:
Շաքէն անխոնջ աշխատանք կը տանէր պարախումբին նոր անդամներ ապահովելու, հովանաւորներ գտնելու, տարազները պատրաստելու եւ պարախումբին վերաբերող որեւէ այլ գործ յաջողութեամբ պսակելու նպատակով:
Իսկապէս, Շաքէն պարախումբին խանդավառ ջատագովը մնաց մինչեւ իր կենաքի վերջին երկու ամիսները: Անոր նուիրուածութիւնը սահման չէր ճանչնար։ Ան սիրուած եւ յարգուած էր պարախումբին տարբեր սերունդներու ներկայացուցիչներուն կողմէ, որոնք խորապէս կը սգան անոր կորուստը:
Իր կեանքին ընթացքին, ան բարեշնորհութեան եւ համեստութեան մարմնացում էր եւ միշտ պատրաստ՝ օգնելու իր շուրջիններուն:
Հիմա, որ Շաքէն մեզի հետ չէ, աւելիով կը զգանք, թէ որքան դժուար է աշխատանքը յառաջ տանիլ առանց անոր ներդրումներուն, սակայն անոր գեղեցիկ ոգին կը շարունակէ մեզ առաջնորդել:
Շաքէն իւրայատուկ անձնաւորութիւն մըն էր, որուն բոլորանուէր բարութիւնը կարելի չէ կրկնել: