ԳՐԻԳՈՐ ԱՐՔ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Արդարութի՞ւն… Անարդար Աշխարհի Մէջ…
«Դատաստան եւ արդարութիւն գործեցի» (Սղ. 118.121)

Հպանցիկ հայեացք մը մեր անհատական եւ հաւաքական կեանքին վրայ բաւարար է, որ շուտով նշմարենք իրականութիւն մը, որ արդարութեան բացակայութիւնն է: Համայն աշխարհը իր մարդկութեամբ՝ արդարութեան սովէն կը տառապի:
Անհատական մակարդակի վրայ, ո՞վ չի բողոքեր, այս կամ այն անձին, այս կամ այն հաստատութեան, այս կամ այն հաւաքականութեան՝ իր նկատմամբ ցուցաբերած անարդարութեան դէմ: Երէկ, այսօր, վաղը, այս կամ այն չափով անարդարութիւն ճաշակած են, կը ճաշակեն եւ դեռ պիտի ճաշակեն մարդիկ, եւ իրենց փորձառութիւնը ուրիշներուն պատմելով՝ բողոքի ձայն պիտի բարձրացնեն անոր չգոյութեան համար:
Անարդարութեան ցաւը հոգեկան ցաւերուն ամէնէն կոտտացող տեսակն է, որուն այրուցքը մինչեւ մահ կը շարունակուի, մխթելով հոգին, եւ զայն անվերջ տանջելով, արդարութեան հասնելու տենչով:
Վերջին տարիներուն, հաւաքական մեր կեանքին մէջ, բացայայտ երեւցող անարդարութիւնը գրեթէ մոռցնել տուաւ մեր անհատական հարցերը, մեզմէ իւրաքանչիւրին սեփական կեանքին մէջ տեղ գտած անարդարութիւնները եւ այլ տեսակի վիշտերը…։ Մեր ազգային՝ հաւաքական յիշողութիւնը, մեր ժողովուրդին դէմ կիրառուած հին եւ նոր անարդարութիւններուն վրայ կեդրոնացուց մեր բոլորին ուշադրութիւնը, նոյնիսկ առօրեայ զրոյցներու նիւթ դարձնելով զայն: Հայ մամուլը իր ամէնօրեայ թաց թանաքով, նորօրեայ հեղինակները իրենց արդիական հատորներով, իսկ ընկերային ցանցերը՝ իրենց ինքնակամ գրչակներով, մեր ժողովուրդին հաւաքական տագնապը կ՛արտացոլացնեն ամէն վայրկեան, իւրաքանչիւրը իր ոճով, իր տեսակէտներով, սակայն մէկ եւ արդա՛ր պոռթկումով՝ արդարութեան պահանջքով:
Արդարութի՞ւն… որմէ՞, անարդար աշխարհէ՞ն: Կրօնները երբ կը շեշտեն Աստուծոյ համատարած արդարութեան մասին, ոմանց համար անիկա ցնորք կը համարուի: Սակայն խորքային քննութեամբ պէտք է յայտնաբերել բացարձակ ճշմարտութիւնը վերոնշեալ հաստատման, թէ անիկա աչքի մէջ ցանուած փոշի չէ՛, ո՛չ ալ խաբկանք, այլ մարդկութեան համար երկնատուր բացառիկ պարգեւ մը, եւ շնորհք մը, որուն խոր ծարաւով կը տառապի համայն աշխարհը:
Հազարամեակներու անցեալով հարուստ մեր ժողովուրդը, որ անցած դարերու ցուրտն ու տաքը ապրեր է, տոկացեր ժամանակի փոշիին, իր վրայէն նետեր հեթանոսութեան պճնագեղ բայց սին շրջազգեստը եւ հագեր քրիստոնէութեան լուսոյ պատմուճանը, արժանի է աստուածապարգեւ արդարութիւնը վայելելու:
Սաղմոսերգուն իր սիրտի ամէնէն խորէն կ՛արտաբերէ բողոքաձայն աղօթքը՝ կեանքին ընթացքին «դատաստան եւ արդարութիւն գործեցի» ըսելով, եւ համապատասխան արդարութիւն խնդրելով իր անձին համար՝ Ամենակալէն: Ան շարունակելով իր աղերսը՝ կ՛ըսէ. «Ժամն է, որ Տէրը ոտքի կանգնի, քանզի խափանեցին օրէնքդ» (Սղ. 118.126): Մարդ էակին համար ամէն վայրկեան սպասելի է, որ Տէրը ոտքի կանգնի ու պաշտպանէ զինք: Մեր ազգի կեանքին մէջ, նոյն տենդագին աղերսին թանձրացեալ մարմնաւորումներն են մեր վանքերն ու բիւրաւոր եկեղեցիները՝ մեր հաւատքի բերդերը: Բայց ո՞ւր է յամեցող արդարութիւնը…։ Աշխարհի խուլ ականջին տակաւին որքա՞ն պիտի գոռանք վասն արդարութեան եւ իրաւանց: Այո՛, արդար է մեր ճիչը, սակայն սխալ հասցէ ընտրած ենք, կամ մոռացութեան տուած բուն հասցէն: Ո՞վ է աշխարհը, որուն կը դիմենք յուսալից սիրտով. անո՞ր, որ իր աշխարհաքաղաքական շահերէն մազաչափ անգամ հեռանալու ցանկութիւն չունի… Անո՞ր, որուն աչքերը սեփական քիթին ծայրէն անդին գտնուողը նշմարելու տեսողութիւն չունին… Անո՞ր, որուն համար ուրիշի ցաւը նոյնիսկ հաճոյալի վայելք է, կամ բորենիական խնճոյքի առիթ… Անո՞ր, որ սեղանին վրայ թուղթ մը կը հաստատագրէ եւ կը յանձնէ, իսկ նոյն սեղանին տակէն ուրիշ մը կը փոխանակէ դիւային քրքիջով…։
Սաղմոսերգուին հասցէն մոռցեր ենք կամովին: Ան իր հայեացքը Աստուծոյ դարձուցած, արդարութեան աղերսարկու ձայն բարձրացուց: Անարդարութեամբ ընթացող այս աշխարհին մէջ, առաւել եւս պէտք է ծաղկի մեր հաւատքը առ Աստուած, որովհետեւ այլ ապաւէն չունինք: Արդէն կղզիացած մեր երկրին այլապէ՛ս կղզիացումը ներկայ օրերուն, շնչահեղձ կ՛ընէ նոյնիսկ սփիւռքահայութիւնը, որ մեծ յոյսերով եւ անվհատ, տակաւին կը թակէ անարդար աշխարհին ողորմութեան փակ դռները:
Տարեմուտի օրերը, իրենց մէջ պարփակած իւրայատուկ խանդավառութենէն բացի յոյսի առիթ կը հանդիսանան թէ՛ անհատներուն եւ թէ հաւաքականութիւններուն: Իւրաքանչիւր վերջալոյս ինքնին յոյսի առիթ է հաւատքով առլցուն մարդուն համար, թէ՝ անպայմա՛ն կայ լուսաբաց:
Մենք սովորական հասկացութեամբ լուսաբացի չենք սպասեր, այլ ազգովին խոր ակնկալիքը ունինք արդարութեան լուսաշաղ առաւօտին, երբ Աստուծոյ պայծառ արեգակը պիտի ճառագէ մեր հայրենիքին ու ազգին երկնակամարին վրայ, ի պատասխան մեր աղերսին, որովհետեւ դարերու ընթացքին ճիշդ դատաստան կատարեցինք եւ արդարութիւն գործեցինք:
Կը հաւատա՞նք Երկնաւորէն շնորհուելիք արդարութեան…: