ՊԱՂՏԱՏ, «Ռոյթըրզ».- Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 18ին, Իրաքը բռնագրաւող ամերիկեան ուժերու հրամանատարութիւնը հաղորդեց, թէ 10 ամերիկացի զինուորներ եւս սպաննուած են Իրաքի տարածքին, այս ամսուան ընթացքին սպաննուած ամերիկացի զինուորներուն թիւը 69ի հասցնելով:
Ամերիկացի զոհերուն թիւին աճը կը կապուի Պաղտատի մէջ յաւելեալ պատասխանատուութիւն ստանձնելու ամերիկեան հրամանատարութեան որոշումին:
Իրաքեան աղբիւրներ եւս Չորեքշաբթի օր հաղորդեցին, թէ Հոկտեմբեր ամսուան ընթացքին ցարդ սպաննուած են մօտաւորապէս 800 իրաքցիներ:
Նոյն օրը, հարաւային Իրաքի մէջ ոստիկանութեան գաղտնի սպասարկութեան պետը եւ անոր չորս թիկնապահները սպաննուեցան: