ԿԱԶԱ, «Ռոյթըրզ».- Եգիպտոսէն Կազա ներածուող զէնքերու հոսքը կասեցնելու պատրուակով, իսրայէլեան ուժերը Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 18ին հրասայլեր հաստատեցին պաղեստինեան հակակշռին ու Եւրոմիութեան դէտերու հսկողութեան տակ գտնուող Ռաֆահ սահմանագիծին մօտերը, զայրացնելով «Համաս»ի տիրապետութեան տակ գտնուող պաղեստինեան իշխանութեանց կառավարութիւնը:
«Համաս» իսրայէլեան այս արարքը շրջանին վերագրումը նկատեց, ինչ որ ոտնակոխում մըն է Իսրայէլի հետ գոյացած համաձայնութեան:
Նոյն օրը, իսրայէլեան ուժերը Կազայի ու Արեւմտեան Ափի մէջ չորս պաղեստինցիներ եւս սպաննեցին, որոնցմէ երեքը «Համաս»ի անդամներ էին, իսկ չորրորդը՝ քաղաքային մը:
Իսրայէլացի զինուորներ Երեքշաբթիէն Չորեքշաբթի լուսցող գիշերուան ընթացքին եւս Արեւմտեան Ափի Ճենին քաղաքին մօտ սպաննեցին երկու պաղեստինցիներ եւ վիրաւորեցին 13 ուրիշներ։ Պաղեստինեան աղբիւրներ ըսին, որ իսրայէլացիք նաեւ ձերբակալեցին բազմաթիւ երիտասարդներ։