8 Յունուարին, Ատրպէյճան հաստատեց Արցախի բնակիչ Թորոս Ղազարեանի՝ իրենց մօտ գտնուելու հանգամանքը եւ Ստեփանակերտ-Գորիս ճամբու արգելափակուած հատուածին մէջ զայն փոխանցեց ռուս խաղաղապահներուն: Այս լուրը հաղորդագրութեան մը միջոցաւ հաղորդեց Արցախի ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը (ԱԱԾ): Ըստ ԱԱԾին՝ Ատրպէյճան քաղաքական եւ քարոզչական նկատառումներով անոր հաղորդած է այլ երանգներ եւ տուած իր ուզած մեկնաբանութիւնները եւ գնահատականները:
Մարտունիի բնակիչը 1 Յունուարին արօտավայրէն տուն չէ վերադարձած. սկսած են որոնողական աշխատանքներ, հաղորդուած էր նաեւ Արցախի մէջ ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի ղեկավարութեան՝ ատրպէյճանական կողմէ տեղեկութիւն ստանալու նպատակով:
«Յունուարի մէկից առ այսօր ադրբեջանական կողմը ոչ միայն չէր հաստատել, այլեւ հերքել էր Թ. Ղազարեանի՝ իրենց տիրապետութեան տակ գտնուելը», կ՛ըսուի հաղորդագրութեան մէջ:
Ղազարեան ենթարկուեցաւ բժշկական քննութեան. անոր վիճակը ընդունելի է: «Ադրբեջանական կողմի այսօրուայ բեմականացումը մէկ անգամ եւս փաստում է, որ վերջիններիս նպատակը ոչ թէ իրականութեան հետ առերեսուելն ու այն ընդունելն է, այլ միջազգային հանրութեանն ու ներքին լսարանին կեղծ թէզերով ու քարոզչական նիւթերով մոլորեցնելը», յայտարարեց ԱԱԾն: