Ըստ Ուաշինկթընի՝ Լաչինի միջանցքի արգելափակումը կը խոչընդոտէ խաղաղութեան գործընթացը եւ կը վտանգէ միջազգային վստահութիւնը:
Պատասխանելով «Ազատութեան» հարցումին՝ Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունէն յայտնեցին, որ Միացեալ Նահանգները կը շարունակէ «մտահոգուած մնալ Լաչինի միջանցքի հասանելիութեան վտանգին եւ ստեղծուած իրավիճակի մարդասիրական հետեւանքներուն գծով»:
«Մենք կոչ կ՛ուղղենք՝ ամբողջութեամբ վերականգնելու միջանցքով ազատ տեղաշարժը: Բոլոր հարցերուն մէջ յառաջընթացի միակ ուղին բանակցութիւններն են», յայտնեցին դեսպանատունէն:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք Միացեալ Նահանգները որեւէ քայլի կը ձեռնարկէ՞ Արցախի մէջ ստեղծուած մարդասիրական ճգնաժամին ուղղութեամբ, կրնա՞յ ըլլալ որ մարդասիրական օգնութեան տրամադրէ Արցախին՝ դեսպանատունէն յայտնեցին. «Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութիւնը կ՛արձագանգէ Հայաստանիգտնուող տեղահանուած անձերու կարիքներուն՝ Հայաստանի կառավարութեան պահանջներուն համահունչ»: