Թուրքիա եւ Հայաստան կը լուծեն երկու երկիրներուն միջեւ օդային ուղիղ բեռնափոխադրութիւններու իրականացման խոչընդոտները: Այս մասին, ըստ «Հետք»ի, կը յայտնէ TRTHaber-ը:
«Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ օդային ուղիղ բեռնափոխադրութիւններու խոչընդոտները լուծուած են բանակցութիւններու իբրեւ արդիւնք, որոնք վարուեցան երկու երկիրներուն միջեւ», կ՛ըսուի TRTHaber-ի լրատուութեան մէջ: Այլ մանրամասնութիւններ չնշուեցան թրքական պարբերականներուն մէջ:
Ըստ «Անատոլու» գործակալութեան տուեալներուն՝ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ օդային ուղիղ բեռնափոխադրութիւնները հնարաւոր դարձան 1 Յունուարէն սկսեալ, եւ Թուրքիոյ առեւտուրի նախարարութիւնը այս մասին տեղեակ պահեց տեղական կազմակերպութիւնները եւ կառոյցները, որոնք կը զբաղին արտածումով:
Գործակալութիւնը նաեւ կը յայտնէ, որ որոշումը տրուած է երկու երկիրներու յարաբերութիւններու կարգաւորման յատուկ ներկայացուցիչներու բանակցութիւններուն իբրեւ արդիւնք:
Հայաստանի եւ Թուրքիոյ իշխանութիւնները տակաւին չմեկնաբանեցին շրջան ընող վերնշեալ լուրերը: