Երկուշաբթի, 9 Յունուարին, Արամ Ա. կաթողիկոսը ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի մօտ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան դեսպան Մուճթապի Ամանիի, ընկերակցութեամբ անոր փոխանորդին:
Շուրջ ժամ մը տեւած հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան երկու այժմէական նիւթեր: Առաջինը՝ Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնն էր: Վեհափառ հայրապետը անհրաժեշտ նկատեց ներլիբանանեան համաձայնութեան գոյացումը: «Նախագահի անձին շուրջ համաձայնութիւն գոյացնելէ առաջ հրամայական է, որ քաղաքական օրակարգի եւ ուղղութեան մը շուրջ համաձայնութիւն ըլլայ, բնականաբար շրջանային ու միջազգային ոյժերու զօրակցութիւնը վայելող, որովհետեւ կարելի չէ անջատել Լիբանանի մէջ տեղի ունեցող զարգացումները շրջանի աշխարհաքաղաքական պայմաններէն», ըսաւ կաթողիկոսը: Ան շեշտեց Իրանի դերին կարեւորութիւնը:
Դեսպանը, իր կարգին, յայտնեց, որ իր երկիրը միշտ եղած է Լիբանանի կողքին՝ զօրակից անոր ներքին միութեան: Ան նոյն ժամանակ ընդգծեց Լիբանանի հայ համայնքի քաղաքական դերակատարութեան կարեւորութիւնը, իբրեւ երկրին կարեւոր համայնքներէն մէկը:
Երկրորդ հարցը, որուն հայրապետը անդրադարձաւ, Բերձորի միջանցքի վերաբացման հարցն էր: Ան ըսաւ, որ գրեթէ չորս շաբաթներէ ի վեր 125,000 հայորդիներ կը մնան արգելափակուած եւ զրկուած առօրեայ կեանքի ամէնէն կենսական տարրերէն: «Չեմ ուզեր քաղաքական վերլուծումներու մէջ մտնել. այս հանգրուանին հարցը ըստ էութեան մարդասիրական է եւ, հետեւաբար, Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան միջամտութիւնը կը նկատեմ հրամայական: Երբ ուրիշներ կը լռեն ու կը դիտեն, Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան մարդասիրական միջամտութիւնը վստահաբար մեծապէս պիտի նպաստէ տարածաշրջանին մէջ անոր դերին վերաշեշտման», ըսաւ վեհափառ հայրապետը:

Դեսպանը, բնականաբար, կացութեան ծանօթ ըլլալով՝ որոշ յստակեցումներ կատարեց եւ խոստացաւ վեհափառ հայրապետին կոչը փոխանցել իր երկրի իշխանութեան:
Յայտնենք, որ նոյն օրը կաթողիկոսը ընդունեց Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին ներկայացնող պատուիրակութիւն մը: Հանդիպման ընթացքին վեհափառ հայրապետը դարձեալ անդրադարձաւ Բերձորի միջանցքին: Իսկ օր մը առաջ, հայրապետը ընդունած էր մարոնիթ Ռայի պատրիարքը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, ինչպէս նաեւ ասորի ուղղափառ Աֆրամ Բ. պատրիարքը ներկայացնող՝ Ճորճ Սալիպա արքեպիսկոպոսը: