Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ գտնուող Աղաւնոյ-Բերձոր հատուածով անցնող միակ բարձրավոլթ գիծի խանգարումին պատճառով, Արցախի մէջ հովհարային անջատումներ կ՛ըլլան: Այս մասին, ըստ «Ազատութեան», հաղորդագրութեան մը միջոցաւ տեղեկացուց «Արցախէներգօ»ն՝ աւելցնելով, որ բնակիչներուն տեղական արտադրութեան հոսանք կը մատակարարուի:
«Ադրբեջանական կողմի ապակառուցողական դիրքորոշման պատճառով նշուած հատուածում այս պահի դրութեամբ հնարաւոր չէ իրականացնել շրջայց եւ կազմակերպել վթարավերականգնողական աշխատանքներ, ուստի որոշում է կայացուել հանրապետութեան էլեկտրամատակարարումը իրականացնել տեղական արտադրող կայանների միջոցով`համապատասխան սահմանափակումներով», կ՛ըսուի հաղորդագրութեան մէջ։
Արցախի մէջ կան կասկածներ, որ խանգարումը միտումնաւոր եղած է, որովհետեւ այդ հատուածին մէջ` մինչեւ Աղաւնոն Ատրպէյճանին յանձնելը, թեքնիք հարցեր չէին եղած։
«Ե՛ւ հաղորդալարը, ե՛ւ համապատասխան բոլոր նիւթերը թարմացուել են, այդ իսկ պատճառով վթարը որպէս այդպիսին, մեր կարծիքով, ինքն իրեն չէր կարող լինել», ըսաւ «Արցախէներգօ»ի փոխտնօրէն Տիգրան Գաբրիէլեան:
11 Յունուարէն սկսեալ երկու ժամով պիտի անջատուի Ստեփանակերտի որոշ թաղամասերու եւ շրջաններու ելեկտրականութիւնը: Մէկ ամսուան շրջափակման պայմաններուն մէջ, ուտելիքէն բացի, նաեւ հոսանքը սահմանափակ պիտի ըլլայ:
Արցախի մէջ ելեկտրականութիւն արտադրող ջրելեկտրակայաններուն զգալի մասը Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցաւ 2020ի 44օրեայ պատերազմէն ետք: Ասոր իբրեւ արդիւնք՝ շեշտակի կերպով նուազած է ելեկտրականութեան հզօրութիւնը:
«Արցախէներգօ»ն քաղաքացիները յորդորեց կարելի եղածին չափ խնայողաբար օգտագործել հոսանքը` հաւանական յաւելեալ անջատումներէ խուսափելու նպատակով:
Շրջափակուած Արցախի մէջ ուտելիքը հաւասար բաշխելու համար, որդեգրուեցաւ կտրօնային համակարգը: «Կտրօնները երկու տեսակի են լինելու: Ձէթը մէկ կտրօն մէկ լիտրանոց մէկ շնչի համար, անկախ տարիքից, մէկ ամուայ համար: Մնացած չորս ապրանքատեսականին շնչի համար էլի նախատեւած է 1 կիլոգրամ, բայց տրամադրուելու է քաղաքացիներին կէս կիլոգրամներով: Քաղաքացին մէկ անգամ մօտենալու է ստանայ երկու կտրօն», բացատրեց Արցախի բնակարանային հարցերու կոմիտէի նախագահ Արմէն Մանգասարեան:
Ստեփանակերտի եւ շրջաններու խանութներուն մուտքերուն երկար շարքեր կը գոյանան, որպէսզի իւրաքանչիւր քաղաքացի կարենայ ստանալ իր բաժին սնունդը։
Ըստ Արցախի կառավարութեան տուեալուն՝ նախորդ 4 շաբաթներուն ընթացքին Արցախ չէ ստացած առաւել քան 12 հազար թոն կենսական նշանակութիւն ունեցող ապրանքներ:
Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէն ու Ռուսիոյ խաղաղապահները անոր միայն չնչին մասը մատակարարեցին: Ուտելիքի շեշտուող սղութեան պատճառով փակուեցան 41 մանկապարտէզներ, 56 նախադպրոցական խումբեր եւ 20 երկարօրեայ ուսումնական հաստատութիւններ: Ստեփանակերտէն կը շարունակեն ահազանգել, որ շրջափակման պատճառով, Արցախի 120 հազար բնակչութիւնը, որոնց մէջ շուրջ 30 հազար մանուկներ, կանգնած են սովի վտանգին առջեւ:
10 Յունուարին, Ստեփանակերտէն Հայաստան տեղափոխուեցան անյապաղ բժշկական օգնութեան կարիք ունեցող 3 քաղաքացիներ եւս:
Շրջափակման չորս շաբաթներուն ընթացքին, Կարմիր Խաչի միջնորդութեամբ եւ ընկերակցութեամբ, արդէն 18 ծանր հիւանդներ տեղափոխուեցան Հայաստան, անոնց կարգին մանուկներ ու օտարներ:
Ստեփանակերտ-Գորիս միջպետական մայրուղիի փակման պատճառով, Արցախի դեղարաններուն մէջ եւս որոշ տեսակի դեղերու եւ մանուկներու ուտելիքի բացակայութիւն կ՛արձանագրուի։