ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Աշխատանքային այցով Փարիզ գտնուող ՀՀ վարչապետ Անդրանիկ Մարգարեանը եւ պատուիրակութեան անդամները երէկ ուշ երեկոյեան մասնակցեցան Ֆրանսայի Ազգային ժողովի նախագահ Ժան-Լուի Տըպրէի կողմէ կազմակերպուած ընդունելութեան:
Տըպրէ իր ելոյթին մէջ ողջունեց ՀՀ վարչապետը եւ պատուիրակութիւնը, ապա զարգացման նոր հեռանկարներ մաղթեց հայ-ֆրանսական գործակցութեան, ընդգծելով նաեւ ապակեդրոնացուած մակարդակով գործակցութեան կարեւորութիւնը: Տըպրէ շատ դրական գնահատեց Ֆրանսայի նախագահ Ժաք Շիրաքի Հայաստան կատարած պետական այցի նշանակութիւնը՝ երկկողմանի յարաբերութիւններու սերտացման համար եւ անդրադարձաւ Հայաստանի եւ Ֆրանսայի գործարարներու միջեւ գործակցութեան աշխուժացման, Հայաստանի տնտեսութեան մեջ ֆրանսական դրամագլուխի ներգրաւման, ինչպէս նաեւ մշակոյթի, կրթութեան եւ այլ մարզերէ ներս երկկողմանի կապերու զարգացման անհրաժեշտութեան:
Անդրադառնալով Հայկական Ցեղասպանութեան, Ժան-Լուի Տըպրէ կարեւոր նկատեց Ֆրանսայի Ազգային ժողովին կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան հերքումը քրէօրէն պատժող օրինագիծի ընդունումը, նշելով, որ իր արտայայտութեամբ՝ չմոռնալով անցեալը, պէտք է նաեւ առջեւ նայիլ:
Իր կարգին, վարչապետ Մարգարեան դրուատեց հայ-ֆրանսական կապերու ներկայ բնոյթը եւ աւելցուց, թէ հայկական պատուիրակութիւնը Ֆրանսա ժամանած է մասնակցելու Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի տարուան ձեռնարկներու մեկնարկին:
Ան դիտել տուաւ, երկկողմանի բարեկամութիւնը ձեւական բնոյթ չունի՝ այլ ունի լուրջ բովանդակութիւն: Ան ըսաւ. «Մի քանի շաբաթ առաջ պետական այցով Հայաստան էր ժամանել Ֆրանսայի հանրապետութեան նախագահ Ժաք Շիրաքը: Հայ ժողովուրդը ջերմօրէն ողջունեց նախագահ Շիրաքին, որի այցը մենք դիտարկում ենք որպէս գնահատանք Հայաստանի Հանրապետութեան անցած 15ամեայ ջանքերին՝ դէպի իրաւական պետութիւն, զարգացած ժողովրդավարութիւն եւ ազատ տնտեսական համակարգ»:
Անդրանիկ Մարգարեան ընդգծեց, որ այսօր Ֆրանսան կ’աջակցի եւրոպական կառոյցներուն Հայաստանի համարկումին, ինչպէս նաեւ աշխուժօրէն կը մասնակցի ԼՂՀ հարցի լուծումին՝ իբրեւ ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահ երկիր: Նաեւ, ֆրանսական մեծ ընկերութիւններ իրենց կարեւոր ներդրումներով կը մասնակցին Հայաստանի տնտեսութեան զարգացման:
Յաջորդ օրը, վարչապետ Անդրանիկ Մարգարեան ներկայ գտնուեցաւ Կառնիէ օփերային մէջ Հայաստանի անկախութեան առթիւ կազմակերպուած հանդիսութեան եւ խօսք առաւ: