ՊԱՂՏԱՏ, ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ռոյթըրզ».- Քոնկրէսի անցեալ շաբթուան ընտրութիւններով Քոնկրէսի ղեկը ստանձնած դեմոկրատ ղեկավարներ սկսան բազմացնել Իրաքէն ամերիկացի զինուորները հեռացնելու կոչերը, շեշտելով, թէ երկրին տագնապին համար պէտք է քաղաքական լուծում մը գտնել:
Կարգ մը դեմոկրատ ղեկավարներ կը պահանջեն անմիջական հեռացում, սակայն ուրիշներ կը շեշտեն, թէ 4-6 ամիս ետք պէտք է աստիճանական նահանջ մը տեղի ունենայ, որպէսզի իրաքցի ղեկավարները երկրին ապահովութեան պատասխանատուութիւնը ստանձնելու պարտաւորութեան տակ գտնուին:
Իրաքի մէջ, Երեքշաբթի օր տեղի ունեցած շարք մը յարձակումներ առնուազն 82 զոհ խլեցին, մինչ խումբ մը զինեալներ, օր ցերեկով, Իրաքի կրթական նախարարութեան պատկանող շէնքէ մը ներս խուժելով առեւանգեցին մօտաւորապէս 150 պաշտօնեաներ: