16 Յունուարին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան հեռաձայնային զրոյց ունեցաւ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան Ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կիւթերեշի հետ:
Միրզոյեան զրուցակիցին ներկայացուց Լաչինի միջանցքի արգելափակման պատճառով Արցախի մէջ ստեղծուած մարդասիրական ճգնաժամի մանրամասնութիւնները՝ առանձնապէս ընդգծելով միջազգային կառոյցներու եւ, մասնաւորաբար ՄԱԿի հասցէական արձագանգի եւ գործօն քայլերու անհրաժեշտութիւնը: Միրզոյեան շեշտեց, որ Ատրպէյճան կոպտօրէն կը խախտէ 9 Նոյեմբերի եռակողմ յայտարարութեան դրոյթները եւ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի սկզբունքները:
Ստեղծուած իրավիճակին մէջ, հայկական կողմը կարեւոր նկատեց Արցախ՝ Լաչինի միջանցքը փաստահաւաք առաքելութիւն գործուղելու, ինչպէս նաեւ ՄԱԿի համապատասխան մարմիններուն համար Արցախ անարգել մարդասիրական հասանելիութիւն ապահովելու հարցը: