18 Յունուարին գումարուած Անվտանգութեան խորհուրդի ընդլայնուած նիստին, որուն մասնակցեցան նաեւ Ազգային ժողովի քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչները, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան տեղեկացուց, որ 15 Յունուարին, ռուսական կողմին միջնորդութեամբ, կազմակերպուած էր հաղորդակցութիւն ատրպէյճանական կողմին հետ` ստեղծուած իրավիճակի հանգուցալուծման նպատակով: Սակայն, Արցախը արտաքին աշխարհին հետ կապող միակ մայրուղիի վերաբացման ուղղութեամբ որեւէ յառաջընթաց չէ արձանագրուած, ընդհակառակը, կազամատակարարման վտանգին պատճառով ստեղծուած են նոր լուրջ հարցեր:
Այս մասին աւելի կանուխ յայտարարած էր Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով, որ տեղեկացուց, թէ հանդիպումին ներկայ եղաւ ռուսական խաղաղապահ առաքելութեան հրամանատար Վոլքով:
Արցախի խորհրդարանի «Ազատ Հայրենիք- ՔՄԴ» իշխող խմբակցութեան ղեկավար Արթուր Յարութիւնեան «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին նշեց, որ վերոյիշեալ հանդիպումին որեւէ պայմանաւորուածութիւն ձեռք չէ բերած: Ան չմանրամասնեց, թէ որո՛նք մասնակցած են այդ հանդիպումին։