Եւրոպական խորհրդարանի 16-19 Յունուարի լիագումար նստաշրջանին՝ 18 Յունուարին իրականացած քուէարկութեամբ ընդունուեցաւ «Ընդհանուր արտաքին ու ապահովական քաղաքականութեան իրականացում. 2022ի տարեկան զեկոյց» (CFSP) բանաձեւը:
Ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ զեկուցողը Եւրոպական խորհրդարանի Արտաքին յարաբերութիւններու կոմիտէի նախագահ Տէյվիտ Մքալիստրն էր:Բանաձեւին մէջ խորհրդարանը՝
«Խստօրէն կը դատապարտէ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին նկատմամբ Ատրպէյճանի Սեպտեմբեր 2022ի յարձակումը, որ զինադադարի խախտում է եւ լուրջ հետեւանքներ ունի խաղաղութեան գործընթացին համար:
«Կը վերահաստատէ, որ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը պէտք է լիարժէքօրէն յարգուի եւ կոչ կ՛ուղղէ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն՝ անմիջապէս դուրս բերելու զօրքերը Հայաստանի բոլոր տարածքներէն:
«Համոզում կը յայտնուի, որ ռազմական միջոցներով Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ կարելի չէ կայուն խաղաղութեան հասնիլ: Անիկա կը պահանջէ համապարփակ քաղաքական կարգաւորում` միջազգային իրաւունքին համապատասխան` ներառեալ ՄԱԿի կանոնադրութիւնը, ԵԱՀԿի 1975 Հելսինկեան եզրափակիչ կանոնը, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի 2009ի հիմնարար` տարածքային ամբողջականութեան, ինքնորոշման եւ ուժ չգործածելու սկզբունքները:
«Մտահոգութիւն կը յայտնուի Ատրպէյճանի զինուած ուժերուն կողմէ հայ ռազմագերիներու ու քաղաքացիներու նկատմամբ պատերազմական յանցագործութիւններու ու անմարդկային վերաբերմունքին գծով եւ կոչ կ՛ուղղուի Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն՝ ազատ արձակելու իրենց հսկողութեան տակ գտնուող ռազմագերիները:
«Աջակցութիւն կը յայտնուի Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլին` Հայաստանի ու Ատրպէյճանի ղեկավարներուն հետ եռակողմ հանդիպումներ իրականացնելու նախաձեռնութեան:
«Կ՛ընդգծուի, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ համապարփակ խաղաղութեան պայմանագիրը պէտք է հասցէագրէ հակամարտութեան արմատական պատճառները` ներառեալ Արցախի մէջ ապրող հայ բնակչութեան իրաւունքները եւ ապահովութիւնը, տեղահանուած անձերու եւ գաղթականներու վերադարձը, մշակութային, կրօնական եւ պատմական ժառանգութեան պաշտպանութիւնը եւ պահպանումը, ինչպէս նաեւ տարածքային ամբողջականութիւնը:
«Կ՛ողջունէ Ատրպէյճանի հետ Հայաստանի սահմանին Եւրոպական Միութեան քաղաքացիական առաքելութեան տեղակայումը եւ կոչ կ՛ուղղէ Եւրոպական խորհուրդին՝ աւելցնելու տեղակայուած փորձագէտներու թիւը, աւելցնելու առաքելութեան կարողութիւնները, ամրապնդելու ներկայութիւնը տարածաշրջանին մէջ:
«Կը նշուի, որ Ատրպէյճանի հետ Եւրոպական Միութեան յարաբերութիւններու որեւէ խորացում պէտք է ըլլայ պայմանական` երկրին կողմէ մարդու իրաւունքներու, օրէնքի գերակայութեան, ժողովրդավարութեան եւ հիմնարար ազատութիւնները յարգելու ուղղութեամբ էական յառաջընթացի ապահովման պայմանաւ»:
CFSP զեկոյցին` Թուրքիոյ վերաբերեալ հատուածին մէջ կը նշուի Հարաւային Կովկասի մէջ, ի թիւս այլ տարածաշրջաններու, երկրի շարունակական ապակայունացնող գործողութիւններուն մասին:
Եւրոպական խորհրդարանը 18 Յունուարի լիագումար նիստին ընդունեց նաեւ զեկոյց` Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի արգելափակման վերաբերեալ ներկայացուած լրամշակում, որուն մէջ կը նշուի հետեւեալը. «Եւրոպական խորհրդարանը խստօրէն կը դատապարտէ Ատրպէյճանի կողմէ 9 Նոյեմբեր 2020ի եռակողմ յայտարարութեան խախտումով՝ Լաչինի միջանցքի ապօրինի շրջափակումը, որուն նպատակն է մարդասիրական ճգնաժամ ստեղծել Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին համար: Խորհրդարանը Ատրպէյճանի իշխանութիւններէն կը պահանջէ անյապաղ վերականգնել Լաչինի միջանցքով տեղաշարժի ազատութիւնը»: