ԵՐԵՒԱՆ, Armradio.am.- Յունաստանի, Քանատայի եւ Զուիցերիոյ խորհրդարաններու ներկայացուցիչներէն ու մշակոյթի պատմութեան հարցերով սկովտիացի փորձագէտէ մը կազմուած պատուիրակութիւն մը երէկ հանդիպում ունեցաւ ԵՈՒՆԵՍՔՕի գլխաւոր տնօրէն Քոչիրօ Մացուուրայի հետ, խնդրելով ստուգում-հետազօտութիւն կազմակերպել Հին Չուղայի մէջ, Փարիզէն հաղորդեց կազմակերպութեան բանբեր մը:
Նոյն աղբիւրին համաձայն, պատուիրակութիւնը պաշտօնական խնդրանքով դիմած է ԵՈՒՆԵՍՔՕի ղեկավարին, որպէսզի միջազգային հետազօտութիւններ կատարէ հին Չուղայի մէջ, ուր ոչնչացուած էին մշակոյթի հայկական պատմական յուշարձաններ:
Պատուիրակութեան ներկայացուցիչները ԵՈՒՆԵՍՔՕի ղեկավարին կոչ ըրած են բացայայտօրէն դատապարտել Չուղայի հայկական գերեզմանոցին մէջ ատրպեճանական բանակի կողմէ կատարուած յանցագործութիւնը: Նոյն աղբիւրին համաձայն, պատուիրակութիւնը կազմուած է հայ-զուիցերիական խորհրդարանական խումբի նախաձեռնութեամբ՝ ԵՈՒՆԵՍՔՕի մէջ Հայաստանի դեսպան Շարլ Ազնաւուրի միջնորդութեամբ: Խորհրդարանականները իրենց խօսակիցին ներկայացուցած են ատրպեճանական սրբապղծութեան մասին փաստաթուղթեր: Բացի այդ, պատուիրակութիւնը ներկայացուցած է յուշագիր, ուր Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն յանձնարարուած է, ի շարս այլոց, քանդուած գերեզմանատան վայրէն ներս քրիստոնէական յուշարձան կառուցել:
ԵՈՒՆԵՍՔՕի բանբերը աւելցուց նաեւ, որ եթէ Ատրպէյճան չընդունի յանձնարարականները, պատուիրակութեան անդամները պիտի պահանջեն հեռացնել զայն ԵՈՒՆԵՍՔՕէն: Բացի այդ, հանդիպման կազմակերպիչները ափսոսանք յայտնած են, որ Հայաստանի կառավարութեան գործնական օգնութիւն չէ ցուցաբերուած տուեալ խնդրի լուծման մէջ՝ հակառակ Նախիջեւանի հայկական խաչքարերու ոչնչացման բարբարոսական արարքին արձագանգող եւրոպական բազմաթիւ կառոյցներու նախազգուշացումներուն: