Կիրակի, Դեկտեմբեր 10, 2006ի առաւօտեան ժամը 10:30ին, առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան պատարագ մատուցեց Քոսթա Մեսայի Ս. Աստուածածին Հայց. եկեղեցւոյ մէջ: Այս առթիւ նաեւ, տօնախմբուեցաւ Սուրբ Ստեփանոս Նախավկային տօնը: Սրբազան հայրը իր քարոզին մէջ խօսեցաւ անոր հաւատքի զօրութեան եւ նահատակութեան մասին: Շնորհաւորեց սարկաւագներուն տօնը եւ մաղթեց, որ ուրարակիրներն ալ պատրաստուին եւ յարմար ժամանակին արժանանան սարկաւագութեան աստիճանին:
Սուրբ պատարգին ներկայ գտնուեցան նաեւ Կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտները: Նկատի ունենալով, որ անոնք Դեկտեմբեր 17ին Ս. Ծննդեան առթիւ յատուկ հանդէս մը պիտի ունենային, եկեղեցի եկած էին հրեշտակի, հովիւի եւ այլ տարազներով: Սրբազան հայրը օրհնեց զիրենք եւ մտերմիկ կերպով անոնց խօսեցաւ Սուրբ Ծնունդին մասին: