Գեղարքունիքի մարզի Ազատ գիւղին մէջ տեղակայուած զօրամասի կացարանին մէջ պատահած հրդեհին գործով ձերբակալուեցաւ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան N զօրամասի թիկունքի պետ-հրամանատարի թիկունքի եւ համայնքային շահագործման ծառայութեան տեղակալ Գ.Ա.ն:
«Արմէնփրէս»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին, այս տեղեկութիւնը հաստատեց Հայաստանի Քննչական կոմիտէի նախագահի բանբեր Գոռ Աբրահամեան:
«Ձերբակալուել է, մեղադրանք է առաջադրուել եւ միջնորդութիւն է ներկայացուել դատարան՝ նրա նկատմամբ որպէս խափանման միջոց կալանքն ընտրելու վերաբերեալ», յայտնեց ան:
Յիշեցնենք, որ 19 Յունուարին, Գեղարքունիքի մարզի Ազատ գիւղին մէջ տեղակայուած N զօրամասի սակրաւորային վաշտի անձնակազմին համար նախատեսուած կացարանին մէջ տեղի ունեցած հրդեհին պատճառով մահացան 15 ժամկէտային զինուորներ: