Եւրոպական Միութեան (ԵՄ) արտաքին քաղաքական ծառայութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Փեթեր Սթանօ` մեկնաբանելով Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան արձագանգը` Հայաստանի մէջ տարածաշրջանային կարգաւորման նպատակով երկամեայ եւրոպական առաքելութեան մեկնարկին վերաբերեալ՝ ըսաւ, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորումը պէտք չէ Եւրոպական Միութեան եւ Ռուսիոյ միջեւ մրցակցութեան պատանդ դառնայ:
Ան շեշտեց, որ Ռուսիա կը սխալի՝ համարելով, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութեան կարգաւորման հարցին մէջ Եւրոպական Միութեան դերը ուղղուած է Ռուսիոյ դէմ:
«Ռուսիա ակնյայտօրէն սխալ հասկցած է այս առաքելութեան նպատակը եւ կը շարունակէ սխալ գնահատել` համարելով, որ Եւրոպական Միութեան տարածաշրջանին մէջ ներգրաւուածութիւնը Ռուսիոյ դէմ ուղղուած քայլ է: Եւրոպական Միութեան առաքելութիւնը մեկնարկած է Հայաստանի իշխանութիւններու դիմումին եւ ազատ որոշման հիման վրայ: Եւրոպական Միութիւնը նոյնպէս, անշուշտ, այդ հարցին գծով կապի մէջ եղած է Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն հետ», ըսաւ ան։
Սթանօ աւելցուց, որ Եւրոպական Միութիւնը նաեւ կը գիտակցի Ռուսիոյ դերակատարութեան՝ Նոյեմբեր 2020ին պատերազմը դադրեցնելու ճիգին մէջ:
«Եւրոպական Միութեան առաքելութիւնը քաղաքացիական է եւ առանցքային դեր պիտի ունենայ աջակցելու հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման ջանքերուն, որոնք կը գործադրուին Եւրոպական Միութեան կողմէ: Եւրոպական Միութիւնը այդ դերը ստանձնած է երկու կողմերուն համապատասխան խնդրանքէն ետք», յայտնեց Սթանօ:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա 27 Յունուարին կրկնեց այն տեսակէտը, որ Եւրոպական Միութեան մասնագէտները աւելցնելիք ոչինչ ունին՝ հայ-ատրպէյճանական սահմանի իրավիճակի գծով: «Եթէ Պրիւքսէլի մէջ իսկապէս անկեղծօրէն շահագրգռուած ըլլային Անդրկովկասի մէջ խաղաղութեամբ, Ատրպէյճանի հետ կը համաձայնեցնէին իրենց առաքելութեան աշխատանքային պայմանները»։ նշեց ան։
Զախարովա դիտել տուաւ, որ Հայաստանի սահմանամերձ շրջաններուն մէջ յայտնուիլը Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչներուն, որոնք վերածուած են ՆԱԹՕի կցորդի եւ ԱՊՀ տարածքին մէջ առճակատման քաղաքականութիւն կը վարեն, կրնայ միայն աշխարհաքաղաքական դիմակայութիւն բերել տարածաշրջանը եւ սրել հակասութիւնները: Պէտք չէ մոլորութեան մէջ նետել նաեւ առաքելութեան յայտարարուած քաղաքացիական բնոյթը. անիկա կը ձեւաւորուի ապահովութեան եւ պաշտպանութեան ոլորտին մէջ Եւրոպական Միութեան ընդհանուր քաղաքականութեամբ եւ անկէ բխող բոլոր հետեւանքներով: Ըստ էութեան: «Եկէք իրերը իրենց անուններով կոչենք, Եւրոպական Միութեան անուանումը կը մնայ համաշխարհային տարբեր գործերու մէջ ՆԱԹՕի իրական դերը քօղարկելու համար: Կարծես թէ՝ գործելով Եւրոպական Միութեան միջոցով, կը վերացուի այն հարցը, որ խնդիրները յստակ ձեւակերպուած են ռազմական դաշինքին կողմէ: Պարզապէս կայ այդպիսի նախածանց` Եւրոպական Միութիւն», նշեց Զախարովա՝ աւելցնելով, որ այժմ այդ եւրոատլանտեան կառոյցներուն մէջ քաղաքականութեան տեղ չկայ դիւանագիտութեան տեսքով, այլ միայն քաղաքականութեան համար տեղ կայ ռազմաքաղաքական ջանքերու տեսքով:
Զախարովա յայտնեց, որ Հայաստանի մէջ ամէն գնով ամրապնդուելու, Ռուսիոյ միջնորդական ջանքերը ճնշելու Եւրոպական Միութեան փորձերը կրնան վնաս հասցնել հայերուն եւ ատրպէյճանցիներուն արմատական շահերուն` տարածաշրջանի խաղաղ զարգացման վերադառնալու ձգտումներուն մէջ: «Մենք համոզուած ենք, որ տեսանելի ապագային տարածաշրջանին մէջ կայունութեան եւ ապահովութեան առանցքային գործօնը կը մնայ ռուսական խաղաղապահ զօրակազմը, ինչպէս նաեւ հայկական սահմաններուն վրայ տեղակայուած ռուս սահմանապահները: Անոնք կ՛արձագանգեն Եւրոպական Միութեան դիտորդներուն պահուածքին` նկատի ունենալով տեղւոյն վրայ իրավիճակի զարգացումը…Մենք կ՛արձանագրենք, որ Երեւանի մէջ` տրամաբանական աւարտին չհասցնելով ՀԱՊԿի աշխատանքը, կը նախընտրեն ընտրութիւն կատարել յօգուտ Եւրոպական Միութեան: Եթէ հայ դաշնակիցները դեռ հետաքրքրուած են ՀԱՊԿի ներուժով, անոր առաքելութիւնը կրնայ շուտափոյթ կերպով ծաւալիլ Հայաստանի մէջ», ըսաւ Զախարովա։
«Թասս»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին, Ռուսիոյ մօտ Հայաստանի դեսպան, պաշտպանութեան նախկին նախարար Վաղարշակ Յարութիւնեան յայտնեց, որ Երեւան չէ հրաժարած Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) առաքելութիւնը Ատրպէյճանի հետ սահմանին տեղակայելէ:
«Միջպետական յարաբերութիւններում կարող են լինել որոշ հարցեր, որոնք քննարկւում եւ լուծւում են: Ինչ վերաբերում է ՀԱՊԿ դիտորդներին, ապա ոչ ոք չի հրաժարուել ՀԱՊԿ դիտորդներից», ըսաւ ան։
Յարութիւնեան հերքեց նաեւ պնդումները, թէ Հայաստան կը պատրաստուի դուրս գալ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութենէն:
«Նման մօտեցումները կամ կարծիքները չեն համապատասխանում իրականութեանը այն առումով, որ պետութիւնների միջեւ յարաբերութիւնները որոշւում են ստորագրուած պայմանագրերով: Մեր վարչապետը նշել է, որ ՀԱՊԿից դուրս գալու մասին խօսք լինել չի կարող, ուստի դա ճիշդ չէ, ընդհակառակը, մենք խորացնում ենք մեր յարաբերութիւնները», աւելցուց Յարութիւնեան: