26 Յունուարին, Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովը ընդունեց «Յառաջընթացը վեհաժողովի դիտորդական գործընթացներուն մէջ» (Յունուար-Դեկտեմբեր 2022) բանաձեւը: Քուէարկութեամբ ընդունուեցան բանաձեւին մէջ հայկական պատուիրակութեան կողմէ առաջարկուած փոփոխութիւնները` Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ ռազմագերիները անյապաղ ազատ արձակելու եւ Լաչինի միջանցքին վերաբերող Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի միջանկեալ միջոցները կատարելու գծով: «Արմէնփրէս»ը այս մասին տեղեկացաւ Եւրոպական խորհուրդին մէջ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցչութեան կայքէն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.