
Ֆրանսիս պապը Կիրակի օր վերանորոգեց իր կոչը՝ անյապաղ լուծում գտնելու Բերձորի միջանցքի փակման՝ «անմարդկային» նկատելով Արցախի մէջ շրջափակուած հայ բնակչութեան կացութիւնը: Այս մասին հաղորդեց «Վաթիքըն Նիուզ»ը:
«Ես կը վերանորոգեմ կոչս՝ Հարաւային Կովկասի Լաչինի միջանցքի տարածքին տիրող մարդասիրական լուրջ կացութեան ի տես: Մօտիկ կը զգամ բոլոր անոնց, որոնք ձմրան այս եղանակին ստիպուած են դիմակայելու անմարդկային այդպիսի պայմաններ: Պէտք է միջազգային մակարդակով ամէն ջանք գործադրել՝ լուծումներ գտնելու ի նպաստ մարդոց բարօրութեան», ըսաւ ան:
Յայտնենք, որ 18 Դեկտեմբեր 2022ին եւս պապը իր մտահոգութիւնը արտայայտած էր Բերձորի միջանցքին մէջ ստեղծուած կացութեան եւ մարդոց ապրած անկայուն պայմաններուն նկատմամբ՝ կոչ ուղղելով հարցին առնչակիցներուն, որ «յանձնառու ըլլան խաղաղ լուծումներ գտնելու՝ յանուն մարդոց բարօրութեան»: