Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 31 Յունուարին, հեռաձայնային զրոյց ունեցաւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ:
Փաշինեան անդրադարձաւ Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի ապօրինի շրջափակման պատճառով Արցախի մէջ ստեղծուած մարդասիրական ճգնաժամին եւ կարեւոր նկատեցին անոր յաղթահարման ուղղութեամբ Ռուսիոյ կողմէ անհրաժեշտ քայլերու իրականացումը:
Այս պարունակին մէջ, անոնք անդրադարձան Արցախի մէջ Ռուսիոյ խաղաղապահ առաքելութեան գործունէութեան:
Զրուցակիցները քննարկեցին Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի առաջնորդներու տարբեր թուականներու եռակողմ պայմանաւորուածութիւններու իրականացման վերաբերող հարցեր:
Ասոր զուգահեռ, Փութին պատրաստակամութիւն յայտնեց կազմակերպելու Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրի հարցով երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը։
«Արմէնփրէս»ը կը տեղեկացնէ, թէ, ըստ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան, այս մասին խօսած են Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները հեռաձայնային զրոյցի մը ընթացքին։
«Նախարարները քննարկեցին Լաչինի միջանցքին իրավիճակի կարգաւորման ուղիները: Շեշտուեցաւ Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու եռակողմ պայմանաւորուածութիւններու հիման վրայ հայ-ատրպէյճանական յարաբերութեան կարգաւորման բոլոր ուղիներով աշխատանքի վերականգնման կարեւորութիւնը: Ռուսական կողմը հաստատեց Մոսկուայի մէջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրի հարցով երկու երկիրներու արտաքին գերատեսչութիւններու ղեկավարներու բանակցութիւններու հերթական հանդիպում կազմակերպելու պատրաստակամութիւնը», կը նշուի վերոնշեալ հաղորդագրութեան մէջ։