
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ որոշած է զօրակցիլ Ծերակոյտի անդամ դառնալու համար հայամէտ քոնկրեսական Էտըմ Շիֆի սկսած ընտրապայքարին, նկատի ունենալով այն իրողութիւնը, որ Շիֆ իր քաղաքական ասպարէզին ընթացքին շարունակաբար պաշտպանած է հայ համայնքին, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Արցախի իրաւունքները։

Շիֆ վերջերս պաշտօնապէս իր թեկնածութիւնը դրաւ 2024ին տեղի ունենալիք ընտրութիւններուն։
«Վերջին երկու տասնամեակներուն, քոնկրեսական Շիֆ հայութեան ձայնը հասցուցած է Քոնկրես եւ ջատագովը եղած է հայութեան շահերուն՝ զօրակցելով Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ յարաբերութիւններու ամրապնդման, իրականացելով Հայոց Ցեղասպանութեան պաշտօնական ճանաչումը եւ պաշտպանելով Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը», ըսաւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ իրաւաբան Նորա Յովսէփեան՝ աւելցնելով, որ յանձնախումբը սովորաբար ընտրութիւններու թուականէն այսքան կանուխ չի յայտարարեր իր զօրակցութիւնը, սակայն բացառութիւններ կ՛ըլլան, երբ թեկնածուները յստակօրէն ցոյց տուած են, թէ նուիրեալ պաշտպաններն են Հայկական Հարցին։
Շիֆ երկար տարիներ եղած է Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի ղեկավարներէն մէկը եւ ներկայիս անոր համաատանեպետներէն մէկը կը հանդիսանայ:
Ան իր մասնակցութիւնը բերաւ Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին Լոս Անճելըսի մէջ տեղի ունեցած քայլարշաւին, մօտաւորապէս 166,000 հայերու եւ համակիրներու կողքին եւ 2019ին իրականացուց Ցեղասպանութեան բանաձեւին վաւերացումը Քոնկրեսին կողմէ։ Ան 2022ին արժանացաւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի «Արդարութեան ջատագով» մրցանակին։

Շիֆ նաեւ պայքարած է Հայաստանին եւ Արցախին յաւելեալ ամերիկեան աջակցութիւն ապահովելու, Ատրպէյճանի ռազմական աջակցութիւնները կասեցնելու եւ Անգարայի ու Պաքուի դէմ պատժամիջոցներ որդեգրելու նպատակով, յատկապէս 2020ին տեղի ունեցած Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի ու Հայաստանի վրայ յարձակումի լոյսին տակ: Շիֆ նաեւ ջատագոված է Արցախի անկախութեան ճանաչումը եւ հայ պատերազմի գերիներուն ազատ արձակումը:
Շիֆ երախտագիտութիւն յայտնեց Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին, որ կը զօրակցի իր ընտրապայքարին՝ աւելցնելով, թէ այդ մէկը պատիւ պիտի շնորհէ իրեն՝ խոստանալով շարունակել զօրակցիլ հայութեան, յատկապէս այս օրերուն, երբ Թուրքիա եւ Ատրպէյճան դարձեալ գործադրութեան դրած են իրենց ցեղասպանական գործողութիւններէն մէկը: