Հանրապետական եւ դեմոկրատ խումբ մը ծերակուտականներ նախագահ Ճօ Պայտընէն պահանջեցին յետաձգել «Էֆ.16» ռազմական օդանաւերու վաճառքը Թուրքիոյ, մինչեւ որ Թուրքիա հաստատէ Շուէտի եւ Ֆինլանտայի՝ ՆԱԹՕին միանալու դիմումները:
«Քոնկրեսը չի կրնար քննարկել Թուրքիոյ հետագայ աջակցութիւնը, ներառեալ «Էֆ.-16» օդանաւերու վաճառքը, մինչեւ Անգարա չաւարտէ անդամակցութեան արձանագրութիւններու վաւերացումը», ըսաւ դեմոկրատ ծերակուտական Ճին Շահին:
Անոր հետ նախագահին ուղղուած այս կոչը ստորագրած են հանրապետական ծերակուտական Թամ Թիլիս, ինչպէս նաեւ երկու կուսակցութիւններէն 25 այլ ծերակուտականներ:
«Մենք Միացեալ Նահանգներու նախագահին կոչ կ՛ուղղենք՝ զերծ մնալու Թուրքիոյ «Էֆ.-16»ռազմական օդանաւեր վաճառելէ, մինչեւ որ Անգարա դադրի Ֆինլանտայի եւ Շուէտի՝ ՆԱԹՕին անդամակցելու արձանագրութիւնները արգելակելէ», յայտնեց Շահին:
Անգարա կ՛ուզէ 40 արդիականացուած «Էֆ.16»ներ գնել եւ արդիականացել իր 70 «Էֆ.16»ները։