Մարդկային պատմութեան վաղ ժամանակներէն աստղազարդ երկնակամարին նկատմամբ հետաքրքրութիւն ցոյց տուած է Երկիր մոլորակին բնակչութիւնը: Իրենց ծոծրակը ետ տանելով ու գիշերուան փայլփլուն երկինքը դիտելով, խորհրդածողներուն մարդիկ տուած են յաճախ՝ իմաստուն, մոգ, կախարդ, գուշակ կամ աստղագուշակ տիտղոսները, ցոյց տալու համար, թէ սովորական մահկանացուներու գիտցածէն ու տեսածէն տարբեր երեւոյթներու հետ կրնան հաղորդակցիլ անոնք ու կրնան իրենց ստացած պատգամները փոխանցել մարդկութեան:
Յիսուսի ծննդեան դրուագին մէջ ալ կը հանդիպինք նման իմաստուններու, որոնք արեւելքէն եկան նորածին արքային երկրպագելու: Անոնք յատկապէս աստղագուշակութեամբ Երուսաղէմ հասած ըլլալու մասին տեղեկութիւն կու տան ըսելով. «Մենք տեսանք անոր աստղը արեւելքի մէջ» (հմմտ. Մտ. 2.2): Իսկ Երուսաղէմի մէջ, դարձեալ աստղագուշակութեամբ կը զբաղին ու, նոյն աստղը տեսնելով, շատ կ’ուրախանան. «Անոնք չափազանց ուրախացան, երբ կրկին տեսան այն աստղը, որ արեւելքի մէջ տեսեր էին. եւ ահա աստղը առաջնորդեց զիրենք մինչեւ, որ եկաւ ու կեցաւ այն վայրին վրայ, ուր երեխան կը գտնուէր» (հմմտ. Մտ. 2.9-10):
Անջրպետագնացներ, աստղագէտներ եւ բնութենագէտներ աստղի տեսակներու, խմբաւորումներու, Երկիր մոլորակէն ունեցած հեռաւորութիւններու, ատոր հետեւանքով իւրաքանչիւրի մասնայատուկ փայլին եւ այլ զանազանութիւններուն մասին արձանագրութիւններ կը պահեն: Իսկ մարդկային բնական աչքերով չտեսուածներուն եւ միայն աստղադիտարաններէ, յատուկ հեռադիտակներով տեսնուածներուն մասին հետաքրքրական ծանօթութիւններ կը հաղորդեն, գիտական նորութիւններ իբրեւ:
Աստղերուն դիրքերը դիտելով ու խմբաւորումները գումարելով, ժամանցի եւ զբաղումի առիթներ ալ գտած են մարդիկ, յատուկ կենդանակերպերու անուններով կոչելով իւրաքանչիւր ամսուան ծնունդները, օրական գուշակութիւն կատարելու միամիտ մարդոց համար: Զբաղում մը, որ բնականօրէն փոխան վարձատրութեան կը կատարուի, տուեալ օրուան մասին թեթեւակի գուշակութիւն մը կատարելով: Կան նաեւ ամբողջ տարուան վրայ երկարող՝ այս կամ այն կենդանակերպին բախտը ներկայացնող գուշակութիւններ: Ինչ տեսակն ալ որ ըլլայ, սակայն յստակ է, որ զայն ընթերցողներէն կախեալ է անոնց բովանդակութեան ներկայացուցած կարեւորութիւնը կամ նշանակութիւնը: Ոմանք իսկապէս հաւատք կ’ընծայեն ու այնպէս կը դասաւորեն իրենց օրուան կեանքը, որ համապատասխանէ ըսուածին…: Այդպիսիներ, օրուան ընթացքին պատահող իւրաքանչիւր դէպք մանրազնին քննութեան կ’ենթարկեն, երեւոյթներուն տակ անպայման փնտռելով ու գտնելով գուշակուածին համապատասխանող խօսք մը, բառ մը, ստորակէտ մը կամ բութ մը…: Իսկապէ՛ս հիւանդագին ու բարդոյթներով հարուստ երեւոյթ…:
Աստղերու անուան այս օգտագործումներէն բացի, կայ նաեւ մարդը աստղի մը նմանցնելու երեւոյթը: Անշուշտ ատիկա կու գայ հին մշակոյթներու եւ կրօններու այն հաւատալիքէն, որ իւրաքանչիւր մարդ երկնակամարին վրայ աստղ մը ունի, որ իր մահով այս աշխարհի վրայ՝ կը մարի: Միջին արեւելեան հին քաղաքներու մէջ, երբ ամրան տօթ գիշերները տանիքի բացօթեայ հարթակին վրայ կը քնանային ընտանեօք, երկնակամարին վրայէն յանկարծ սուրացող աստղի մը անցքը «իյնալ» կամ «շիջիլ» նկատելով, մեծեր կ’ըսէին. «Մէկու մը աստղը մարեցաւ», այսինքն՝ այդ վայրկեանին մարդ մը մեռաւ:
«Աստղ» ըսելով, նաեւ, յատկապէս շարժարուեստի մէջ մեծ համբաւ ունեցող եւ դերասանական շարք մը մրցանակներու տիրացած անձնաւորութիւն կ’իմանանք: Յիշեալ արուեստին մէջ երբեմն աչքի կը զարնեն արագ յառաջդիմութիւն ու մեծ յաջողութիւն արձանագրած անձնաւորութիւններ: Միացեալ Նահանգներու Հոլիվուտ քաղաքի նշանաւոր նոյնանուն պողոտայի մայթերը երկու կողմով, նշանաւոր «աստղեր»ու անուններ ու ափահետքեր կը կրեն: Իսկ այդ փառքին արժանանալը՝ երկնքի արքայութիւն մտնելէն աւելի կարեւոր կը համարեն թէ՛ արժանացողները, եւ թէ անոնց ետին գտնուող ու անոնց կեանքի արագ մագլցումներուն զօրավիգ կանգնած անձինք:
Խօսակցական լեզուի մէջ ալ, իւրաքանչիւր շրջանակի մէջ սովոր ենք «աստղ» կոչել անոնք, որոնք գործնապէս կը փաստեն իրենց շինիչ ու դրական ներկայութիւնը, ի հեճուկս ծոյլ ու անպէտ մարդկային ցեցերու: Այդ «աստղեր»ուն լուռ ու համեստ աշխատանքին դիմաց, մարդկային ցեցերը, (հակառակ իրենց ծոյլ բնաւորութեան), չեն դադրիր աստղերուն ոսկորները կրծել փորձելէ: Չխոզանակուած ակռաներով ու չլուացուած գարշահոտ բերաններով կը խօսին մարդոց մասին, որոնք արդիւնաւէտ հսկայ աշխատանքներու տակ կքած ըլլալով, ժամանա՛կ իսկ չունին ականջ տալու անգործ մարդոց ստեղծած «գործ»ին, կամ աջ ու ձախ թողած կեղտապատ այցետոմսերուն:
Չար նախանձով ու մաղձով լեցուն այս տիպի թշուառականներ իրենց առաքելութիւնը կը կոչեն՝ «Աստղեր մարելու ծառայութիւն», առանց անդրադառնալու, որ այդ առաքելութիւնը վաղուց արդէն իր լրումին հասած է, իրե՛նց իսկ անձին վրայ: Անոնք չեն գիտակցիր նաեւ, որ նոր ստանձնած իրենց այդ առաքելութիւնը միայն իրենց անձին մութ աստղը վերջնականապէս մարելու կը ծառայէ, նկատի ունենալով, որ մարդիկ այլեւս նման դատարկապորտներով զբաղելու ժամանակ չունին:
Զարմանալի է նաեւ այն հակասութիւնը, որ սոյն դատարկապորտներն ու զրախօսները չեն տատամսիր իրենք զիրենք «աստղ» կոչելէ, իրենց անցեալի շարք մը շինծու «քաջագործութիւններ»ը անընդհատ յիշելով ու յիշեցնելով: Անոնք կը սարսափին «մարող աստղ» ըլլալու երեւոյթէն: Այս վախը պատճառ կը դառնայ, որ աւելի երիտասարդ ձեւացնեն, կատակաբանութեամբ շրջապատը զուարճացնեն, կեանքը թեթեւի առնելով մահէն հեռու փորձեն փախչիլ, պատասխանատուութիւններէ հեռանան, ու ի վերջոյ… մինչեւ Աստուծոյ անունը շահագործեն՝ նիւթապէս իրենց կեանքը ապահովելու նպատակով: Անաստուած մարդը ասկէ աւելի վատ յատկանիշներով կարելի՞ է պատկերացնել:
Այս տեսակ աստղերը կեղծ աստղեր են, նման ապակեայ դուռներու վրայ փակցուած փայլուն թղթիկներէ կտրուած աստղերուն, որոնց կարեւորութիւն կու տան մարդիկ այն ատեն միայն, երբ այդ դուռնէն դուրս պիտի ելլեն կամ մտնեն: Այս կեղծ աստղերն ալ, թղթիկէ այդ աստղերուն նման, այն տպաւորութիւնը կը թողուն մարդոց վրայ, թէ շատ կարեւոր դիրք մը կը գրաւեն կեանքի մէջ: Անոնք կը յաւակնին կեանքի դուռներու արժէք ունենալ, մինչդեռ՝ անոնց վրայ փակցուած թղթիկէ աստղեր են պարզապէս՝ նոյնիսկ բութ եղունգով քերծուելիք եւ աղբամանին մէջ թափուելիք:
Այս կեղծ աստղերը կը նմանին նաեւ մանկապարտէզի դասարաններուն առաստաղէն դերձաններով կախուած ճօճուող խաւաքարտէ աստղերուն, որոնք պատուհանէն փչած թեթեւ հովին հետ աջ ու ձախ կը դառնան, անսկզբունք իրենց նկարագիրը պարզելով մանուկներուն դիմաց: Իսկ դերձաններով առաստաղէն ամրացումը կախաղանի չուանով իրենց բախտէն կախուած մահապարտներու պատկերը կը պարզէ բոլորիս աչքերուն դիմաց…: Անոնք տարբեր բան չեն կրնար ընել, բայց միայն անձնասպանութիւն գործել, որովհետեւ միշտ իրենք պիտի ըլլան տուժողը, իրենց կատարած բոլոր չարիքներուն:
Պատասխանատուութիւններէ խուսափումի եւ անգործութեամբ ուտիճի ու ցեցի պարտականութիւն ստանձնողները, մարող աստղի նմանցնելէ աւելի, զանոնք պէտք է նմանցնենք աստուածային միջամտութեամբ երկնակամարէն դուրս վռնտուող աստղերու: Աւելորդ կը դառնայ այլեւս անոնց ներկայութիւնը մեր երկնակամարին վրայ: Երբ պիտի չփայլին անոնք, կամ գէթ մարելու վիճակին մէջ ըլլալով հանդերձ աղօտ լոյս մ’իսկ պիտի չտան, ալ ինչո՞ւ պահել զիրենք երկնակամարին վրայ: Պէտք է վռնտել եւ ուղարկել զանոնք անտակ անդունդը, որպէսզի սեւ երկնաքարերու վերածուելով վտանգ չսպառնան օր մը այս կամ այն փայլող աստղին…:
Փայլող, մարող ու վռնտուող այս աստղահոյլին մէջ են այս մոլորակին վրայ ապրող բոլոր մարդիկ: Տե՛ս եւ քննէ՛, թէ այս երեք տեսակէն ո՞ր մէկն ես դուն, կամ՝ ո՞ր մէկը կը ջանաս երեւիլ: Մի՛ մոռնար, որ կեղծ աստղերուն լոյսը երկար չի՛ շողար, իսկ վռնտուող աստղերը յաւիտենապէս խորխորատին դատապարտուած պիտի մնան, այնտեղ մանրուելով՝ անպէտ փոշիի վերածուելու համար…: