6 Փետրուարին, Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանը այցելեց Իսրայէլի մօտ Ռուսիոյ դեսպան Անաթոլի Վիքթորով եւ հանդիպում ունեցաւ Նուրհան արք. Մանուկեան պատրիարքին հետ:
Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանի դիւանապետ Աղան աբղ. Գոգչեան կը յայտնէ, թէ հանդիպումին ընթացքին Նուրհան պատրիարքը խնդրեց, որ դեսպանը իր խնդրանքը ներկայացնէ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին, որպէսզի անոր անմիջական միջնորդութեամբ կարելի եղածին չափ շուտ բացուի Բերձորի միջանցքը, եւ Ատրպէյճանէն հայրենիք վերադարձուին հայ պատերազմական գերիները: