Երեքշաբթի, 7 Փետրուարին, Արամ Ա. կաթողիկոսը, Սուրիոյ Հանրապետութեան նախագահ Պաշշար Ասատին յղած ցաւակցագիրով, յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան՝ իր խորազգաց վշտակցութիւնը կը յայտնէ Սուրիան հարուածած ծանր երկրաշարժին պատճառով ինկած զոհերուն, ինչպէս նաեւ զօրակցութիւն՝ վերապրողներուն:
Վեհափառը նամակին մէջ կը գրէ, որ կսկիծով կը հետեւի աղէտին պատճառած ահաւոր աւերին եւ պատրաստակամութիւն կը յայտնէ օգնութեան ձեռք երկարելու Սուրիոյ ժողովուրդին:
Նամակին աւարտին, Արամ Ա. կաթողիկոսը աղօթք կը բարձրացնէ առ Աստուած, որպէսզի աղէտի զոհերուն հոգիները լուսաւորէ, շուտափոյթ ապաքինում պարգեւէ վիրաւորներուն եւ մխիթարութիւն՝ Սուրիոյ ժողովուրդին: