ՏՕՆ ՍՈՒՐԲ ՍԱՐԳԻՍ ԶՕՐԱՎԱՐԻ
Սուրբ Սարգիս զօրավարի տօնին առթիւ, Կիրակի, Փետրուար 4ի առաւօտուն Արեւ. Լոս Անճելըսի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ Ս. Պատարագ մատուցեց առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան եւ սարկաւագութեան աստիճան շնորհեց եկեղեցւոյ «Թարգմանչաց» եւ «Մանկունք» երգչախումբերու դպրապետ Արի Տէմիրալի եւ Ատիս Պետրոսեանի: Սուրբ սեղանին սպասարկեցին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Նարեկ Ա. քհնյ. Մատարեան եւ սարկաւագները:
Նաեւ, առ ի գնահատութիւն Ճորճ Ակամալեանի կատարած երկարամեայ նուիրեալ ծառայութիւններուն՝ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ, սրբազան հայրը զինք պարգեւատրեց առաջնորդարանի «Հայ ոգի» շքանշանով: Սրբազան հայրը իր քարոզին մէջ ըսաւ. «Եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը կամ տարեդարձը կեանքը վերարժեւորող հրաշալի առիթ մըն է: Եկեղեցին մեր կեանքի նշանաբանն է: Եկեղեցին ինքզինք նորոգող, ապրող եւ շարժող վիճակ մըն է»: Սրբազանը շնորհաւորեց եկեղեցւոյ շուրջ համախմբուած հաւատացեալները, շնորհաւորեց նաեւ նոր ձեռնադրուած սարկաւագները եւ ծառայասիրութեան նոր ոգի մաղթեց անոնց: Իր խօսքին մէջ ան անդրադարձաւ Արեւմտեան թեմի հիմնադրութեան 80ամեակին, որ մեծաշուք հանդիսութիւններով պիտի նշուի թեմէն ներս:
Կոմիտասեան պատարագի հոգեզմայլ երգեցողութիւնը կատարեց «Խաչատուրեան» դպրաց դաս երգչախումբը՝ ղեկավարութեամբ Ստեփան սրկ. Կէօզիւմեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Ովսաննա Մեղրիկեանի: Մեծ թիւով հաւատացեալներ ներկայ գտնուեցան արարողութեան եւ շատեր Սուրբ հաղորդութիւն ստացան:
Ս. Պատարագի աւարտին, սրբազան հայրը կատարեց մատաղի օրհնութիւնը:
Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ մասնաւոր հանդիսութիւն: Ծխական խորհուրդին կողմէ իր սրտի խօսքը ուղղեց ատենապետ Ասատուր Չիլինկիրեան: Դաշնակով երաժշտական նուագ հրամցուց Մասիս Աբիկ: Հայկական ժողովրդական երաժշտութիւն կատարեց «Հայաստան» երրեակը՝ ղեկավարութեամբ Մամիկոն Յարութիւնեանի: Ընթերցուեցան նուիրատուներուն անունները:
Եկեղեցւոյ «Մանկունք» երգչախումբը քանի մը հոգեւոր եւ ժողովրդային երգեր կատարեց, ապա գնահատական յուշատախտակներ յանձնուեցան եկեղեցւոյ ծառայած քանի մը հաւատացեալներու:
Սրբազան հայրը ելոյթ ունեցաւ քաջալերական եւ գնահատական խօսքերով:
ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆԱՑ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐ
Հայց. եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի այս տարուան հոգեւորականաց առաջին համագումարը տեղի պիտի ունենայ Փետրուար 12-14, 2007 Սան Տիեկոյի Ս. Յովհաննու Կարապետ Հայց. եկեղեցւոյ մէջ: Իսկ Երեքշաբթի, Փետրուար 13ին, Սրբոց Ղեւոնդեանց քահանայից տօնին առթիւ, երեկոյեան ժամը 5ին Ս. պատարագ պիտի մատուցուի, որուն պիտի յաջորդէ ընթրիքը եւ յայտագիրը:
Համագումարին պիտի նախագահէ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան: Պիտի մասնակցին թեմի շուրջ երեսուն հոգեւորականները:
Տօնին առիթով պիտի պատարագէ Վաչէ արք. Յովսէփեան ապա ան մասնաւոր պատուի պիտի արժանանայ իր եպիսկոպոսական օծման 40րդ տարեդարձին առթիւ:
(Դիւան Առաջնորդարանի, Պըրպէնք, Փետր. 6, 2007)