Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի շրջափակման պատճառով Արցախի մէջ ստեղծուած մարդասիրական ճգնաժամին եւ անոր յաղթահարման ուղղուած քայլերը վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 9 Փետրուարին քննարկեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան յատուկ ներկայացուցիչ, ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի ռուս համանախագահ Իկոր Խովաեւի հետ:
«Վարչապետ Փաշինեանն ընդգծել է Ադրբեջանի կողմից 2020 թուականի Նոյեմբերի 9ի եռակողմ յայտարարութեան հերթական խախտման փաստը եւ յայտարարութեամբ ստանձնած պարտաւորութիւնների լիարժէք իրականացման անհրաժեշտութիւնը», հաղորդագրութեան մը միջոցաւ յայտնեցին վարչապետի գրասենեակէն:
Ըստ այդ հաղորդագրութեան՝ կողմերը քննարկեցին նաեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու լուծման կարելիութիւնները եւ Արցախի հիմնահարցին վերաբերող հարցեր:
ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի ռուս համանախագահը նաեւ հանդիպում ունեցաւ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի հետ: Անոնք եւս քննարկեցին Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի շրջափակումը եւ անոր իբրեւ արդիւնք յառաջացած մարդասիրական ճգնաժամը:
Գրիգորեան եւ Խովաեւ քննարկեցին նաեւ հայ-ատրպէյճանական խաղաղութեան պայմանագիրի կնքման շուրջ ընթացող բանակցութիւնները եւ 9 Նոյեմբերի յայտարարութեան կէտերու իրականացման ընթացքը: