10 Փետրուարին, հայկական կողմին նախաձեռնութեամբ՝ հեռաձայնային զրոյց ունեցան Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան։
Անոնք միտքեր փոխանակեցին երկկողմ օրակարգի կարգ մը այժմէական հարցերու շուրջ` երկուստեք տրամադրուածութիւն յայտնելով Մոսկուայի եւ Երեւանի միջեւ դաշնակցային յարաբերութիւններու ամրապնդման ուղղութեամբ:
Քննարկուեցաւ նաեւ հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցը: Լաւրով ընդգծեց բարձր մակարդակով կնքուած եռակողմ համաձայնագիրներու գործադրութեան աշխատանքներու շուտափոյթ վերսկսման կարեւորութիւնը, ներառեալ`տարածաշրջանին մէջ երթեւեկութեան հաղորդակցութեան եւ տնտեսական բոլոր կապերու ապաշրջափակումը, հայ-ատրպէյճանական սահմանի սահմանազատումը եւ սահմանագծումը, Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրի յատկութիւններու համաձայնեցումը, ինչպէս նաեւ հասարակական գործիչներու, մասնագէտներու եւ խորհրդարանականներու միջեւ երկխօսութեան խթանումը:
Հեռաձայնային զրոյց ունեցան նաեւ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարները՝ Սուրէն Պապիկեան եւ Սերկէյ Շոյգու: Անոնք քննարկեցին տարածաշրջանային ապահովութեան, երկկողմ հետաքրքրութիւն ներկայացնող, ինչպէս նաեւ պաշտպանական համագործակցութեան վերաբերող հարցեր։