ՇԱՆԿՀԱՅ, «Ռոյթըրզ».- Արհեստավարժ թենիսի լաւագոյն ութ թենիսմէնները մէկտեղող «Մէսթըրզ բաժակ»ի մրցաշարքի երրորդ հանգրուանի մրցումներուն, տիտղոսակիր Դաւիթ Նալպանտեան Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 16ին, 6-2, 7-6 (7-4) արդիւնքով արժէքաւոր յաղթանակ մը արձանագրեց ամերիկացի Էնտի Ռոտիքի դէմ:
Սակայն, նկատի ունենալով, որ Նալպանտեան առաջին երկու մրցումներուն պարտուած էր, ան պէտք է սպասէր օրուան երկրորդ մրցումին արդիւնքին, իր ճակատագիրը գիտնալու համար: Այդ մրցումին, առաջին դասուած զուիցերիացի Ռոժէ Ֆետէրէր բարեբախտաբար իր երրորդ յաղթանակը արձանագրեց, պարտութեան մատնելով խրուաթ Իվան Լիուպիչիչը, որու շնորհիւ Նալպանտեան հասաւ կիսաւարտականին:
Նկարին մէջ, Նալպանտեան եւ գնդակը, Հինգշաբթի օրուան մրցումին ընթացքին: