Հայաստանը Թուրքիոյ կապող ամէնէն կարճ ճամբով՝ 1993էն փակուած Մարգարայի կամուրջով 11 Փետրուարին հայկական բեռնատարեր 100 թոն մարդասիրական օգնութիւն փոխադրեցին Թուրքիա:
Հինգ բեռնատարները հատեցին միակողմանիօրէն բացուած սահմանը՝ ուղեւորուելով աղէտի գօտի՝ շուրջ 600 քիլոմեթր հեռու գտնուող Ատիյաման:
Ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ այս մասին յայտնեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Վահան Յունանեան: «Այսօր Հայաստանը հումանիտար (մարդասիրական) օգնութիւն է ուղարկել Թուրքիա: Հումանիտար օգնութեամբ բեռնատարները սահմանին հատել են Մարգարայի կամուրջը եւ ուղեւորւում են երկրաշարժից տուժած շրջան», «Թուիթըր»ի իր էջին մէջ գրած է Յունանեան:
Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու հարցով Թուրքիոյ յատուկ ներկայացուցիչ Սերտար Քըլըչ շնորհակալութիւն յայտնեց Հայաստանին՝ թրքական աղէտի գօտի ուղարկուած մարդասիրական օգնութեան համար: Ան այս մասին գրառում կատարած է «Թուիթըր»ի իր էջին վրայ՝ մասնաւորապէս շնորհակալական խօսքը ուղղելով Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Վահան Կոստանեանին եւ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցու Հայաստանի Հանրապետութեան յատուկ ներկայացուցիչ Ռուբէն Ռուբինեանին:
«Շնորհակալ եմ, յարգելի՛ Վահան Կոստանեան եւ Ռուբէն Ռուբինեան, ձեր ջանքերուն համար, որոնց շնորհիւ այս բոլորը կարելի դարձաւ: Ես մնայուն կերով պիտի յիշեմ այն առատաձեռն օգնութիւնը, որ Հայաստանի ժողովուրդը ուղարկեց՝ օգնելու թեթեւցնել Թուրքիոյ երկրաշարժէն տուժած գօտիներուն մէջ գտնուող մարդոց տառապանքը», գրած է Քըլըչ: Ան դիտել կու տայ, որ ի յաւելումն փրկարարներու եւ թեքնիք աջակցութեան, Հայաստան 5 բեռնատարներու միջոցով 100 թոն ուտելիք, ջուր, դեղամթերք եւ առաջին անհրաժեշտութիւն հանդիսացող այլ պարագաներ ուղարկած է:

Հայաստանի բանագնաց Ռուբէն Ռուբինեանի արձագանգը չուշացաւ. «Ուրախ ենք, որ կրնանք օգնել», գրած է ան:
Այս երեւոյթին արձագանգեց Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի մէջ ճգնաժամի հարցերու Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար, որ ողջունեց հայկական օգնութիւնը երկրաշարժէն տուժած դրացի Թուրքիոյ: «Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած նման մեծ ողբերգութեան պայմաններուն մէջ ոգեւորիչ է տեսնել դրացի Հայաստանին ցուցաբերած աջակցութիւնը եւ անոր հետեւած դրական արձագանգը», գրած է Քլաար «Թուիթըր»ի իր էջին վրայ: