Հայ փրկարարները կը շարունակեն աշխատանքներ իրականացնել Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ աւերիչ երկրաշարժէն տուժած շրջաններուն մէջ:
«Հայ փրկարարները, միջազգային գործընկերների հետ համատեղ շղթաներ կազմած, շարունակ փորձում են փորել փլուզուած շէնքերը՝ յորդորելով յաճախակի լռել՝ օգնութեան համար խնդրանքի ձայներ լսելու յոյսով: Որոնողափրկարարական թիմերը (խումբերը), օգտագործելով յատուկ տեխնիկական միջոցներ, փնտռում են «դատարկութիւններ»՝ մեծ բետոնէ (կրախիճէ) ճառագայթների կամ փլուզուած աստիճանահարթակների տարածքներ, որտեղ կարելի է գտնել տուժածներին: Մինչ փրկարարները փորձում են հասնել ողջ մնացածներին, աջակցող թիմերը հետեւում են շէնքերի շարժին՝ հաշուի առնելով դրանց հետագայ փլուզման հաւանականութիւնը, ինչպէս նաեւ՝ այլ վտանգների առկայութիւնը», ըստ «Արմէնփրէս»ի, կ՛ըսուի Հայաստանի ներքին գործոց նախարարութեան Փրկարար ծառայութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ:
Կը հաղորդուի նաեւ, որ իրականացուող լայնածաւալ աշխատանքներուն իբրեւ արդիւնք Ատիյաման քաղաքի փլուզուած տարածքներուն մէջ հայ փրկարարները, համագործակցելով Միացեալ Նահանգներու որոնողական խումբին հետ՝ յայտնաբերեցին եւ փլատակներէն դուրս բերին 3 տուժած քաղաքացիներ:



Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ երեսփոխան Կարօ Փայլան եւս գրած է, որ հայ փրկարարները՝ թուրք փրկարարներուն հետ, կրցան փլատակներու տակէն դուրս բերել եւ փրկել 8 տարեկան աղջնակ մը:
Ասոր զուգահեռ, Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ մէջ աշխատանքային տարբեր տեղամասերու մէջ հայ փրկարարները կը շարունակեն իրականացնել շինութիւններու թուլցած եւ կախուած կառուցատարրերու տարբաղադրում, փլատակներու քանդման եւ տարածքէն յատուկ սարքերով հեռացման աշխատանքներ:
Սուրիոյ Տարայա շրջանին մէջ պայթուցիկ զինամթերքի մաքրութեան աշխատանքներ իրականացնող Հայաստանի «Մարդասիրական ականազերծման եւ փորձագիտական կենտրոն»ը, համագործակցելով Սուրիոյ մէջ տեղակայուած ՄԱԿի գրասենեակներուն (UNMAS, UNDP, UNOCHA, UNHCR) հետ՝ 12 Փետրուարէն ներգրաւուեցաւ նաեւ երկրաշարժի հետեւանքներու վերացման աշխատանքներուն մէջ:
Ըստ «Մարդասիրական ականազերծման եւ փորձագիտական կենտրոն»ի հաղորդագրութեան՝ հայ մասնագէտներու խումբ մըն ալ Հալէպ քաղաքին մէջ կը կատարէ շէնքներու վթարային վիճակի գնահատման, նշդման, ինչպէս նաեւ՝ տեղւոյն բնակչութեան ապահովութիւնը երաշխաւորելու այլ գործողութիւններ: