Գրական Էջը Պատրաստեց՝ ԱՆԱՀԻՏ ՍՈՒՔԻԱՍԵԱՆ
ԹԵՐԵՒՍ ՉՀԱՍԿՆԱՔ ԳԻՐՍ
Թերեւս չհասկնաք գիրս
զոր կը գրեմ
գրուած թուղթերու վրայ
ուր Բանը բիւրերորդ անգամ
ծնիլ կը փորձէ
թերեւս չկարդաք գիրս
որ ուրիշ գիրերու խառնուած
անոնց չափ անկենդան կը թուէր
թերեւս չտեսնէք գիրս
զոր գրեր եմ միշտ թափանցիկ
շունչի
հպարտ գնացքով
բայց կը լսէք զայն
ձեր լռութիւնն է որմէ կը վախնաք
մղձաւանջն է զոր կ’ուզէք խօսիլ
եւ երազները զորս այնպէս կիրքով
կ’ապրիք մութին մէջ
ես
այդ բոլորը
լոյսին կը հանեմ
ԵՐԿԻՐ
Եկան քեզի
իրենց տենչերէն փախչելով
փնտռելու համար
կորսուած այլը եսին
փորեցին աչքերդ
փնտռելով հորիզոնը հեռու
հատեցին լեզուդ
ու խցկեցին ականջներդ
ու երբ նայեցան
անծանօթ էիր արդէն
եւ իրենցն էիր արդէն
իսկ մարմինս քակուած գերան
բառին կեռով կը պրկեմ
ու կը սկսի դաժան ելքը
լեզուին մէջ
ԳՐԵԼ
Փռել մաքուր սաւանները
բառերուն.
ո՛չ մեղրամսին,
այլ այն բոլոր վէճերուն,
որոնք ճամբան, որ դեռ գոյ չէր
մեր միջեւ
հարթեցին.
մարել լոյսերը բոլոր սովորական
բառերուն
եւ սպսել որ անոնք
մեր ափերուն մէջ ինկած
տաքնան կամաց
արթնցնեն կայծերն այնտեղ
անթեղուած
յետոյ միայն
պլպլացող լոյսին տակ
հանուիլ մինչեւ արթնացում
ու գրել
ունենալու համար
ունենալու պէս քեզ
ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԻՒՆ
Անկայարան ճեպընթաց
տեղ հասնելու հասցնելու հարցեր չկան
կայարաններ՝ լոկ ուղեցոյց
բնութեան մէջ թափառելու նշանակէտ
ուրիշ ոչինչ
կայարաններու անուն ունի՞ք
թէ՞ ամէն ոք կը կնքէ ձեզ
իր ուղղութիւնը նշելու
«անանձնական» կեղծիքի մէջ
երբ գիշեր գայ
վառել աչքերը լամբի պէս
լարել բառերը՝ թէժ կրակ
եւ սպասել խոստմնալի
առաւօտեան
յետոյ գրել իր անունը
փոքրատառով
կայարանի մը ամայի ցուցանակին
ու հեռանալ
ՔԵՐԹՈՒԱԾ
Կը ծնի պահէն
պահը՝ յիշատակէն, մտածումէն
ու կը փնտռէ ճամբան դէպի
ամէն ենթա-թաքնուած
մեղեդիի հոսքով բառեր
կը ծնին
ու կը մեռնին աննշմար
ինք աչքկապուկ կը խաղայ
մտածումի յիշատակին
պահին հետ
կը պահուըտի երկար-երկար
կը յայտնուի երբ չկաս
աստղեր կ’իյնան թուղթի ձիւնին
ու կը հալեն ճերմակն ամուլ
բեղմի հզօր ներկածով
ԱՐԲԵՑՈՒՄ
Խմել կեանքը մահուան սարսափի սկիհով,
սէրը՝ կորուստներու վախէն
դողահար,
եւ ժպտալ յաղթական ամէն
անգամ
որ արեւը կոպերդ բանայ:
Գրել մոռցած որ վերջինն ես, առաջինն ես,
միջինն ես,
կրկին ծաղկիլ ամէն թափուող
ճմռթկուող թուղթին հետ:
Հասնիլ վայրը արիւնաքամ՝
լա՛ւ յիշելով քարքարուտը
մոռցած՝ ուր,
յետոյ իյնալ վերջնական՝
դափնիներու խշրտուքին
յանձնուած:
ԳԻՇԵՐ
Մութը կը քաշքշէ լռութիւնը դժկամ,
ու միասին կը լեցնեն փողոցները ցեխոտ՝
թափահարելով մարդոց
աճապարանքը.
Հաշուեյարդարը օրուան,
ժամերուն,
փակուող աչքերուն. ոչ մէկ
առաւել,
նուազումներու գրոհին դէմ
վահանող.
դուրսը կրնան ագռաւները այցի գալ,
գայլեր ոռնալ անտարբեր
լուսիններու,
անկիւններէն ոգիներ դուրս
սողոսկիլ.
սակայն ոչ մէկ ապաստան,
լրատուութեան կայաններու
աղմուկէն,
Pre-fabricated ժպիտներէն,
երգերէն.
ոչ մէկ անկիւն, ուր ներշնչումը խաղաղ
թեւածելով գար այցի, դէմքը
դէմքիս լռէինք,
լռութիւնը բառ դառնար
ու յետոյ
արիւնովս կեանքիս էջին գրէի:
ԼՈՅՍ
մութին մէջ կորսուած
ստիպուած եղայ գունաւոր
եւ լուսաւոր
յուշերս ձգել
ճամբաներս նշելու
չէի գիտեր որ ետ դարձ
ա՛լ չունէի
արդէն ետեւէս եկող բոլոր
կաքաւները
ծիծեռնակները եւ ամպերը
անօթի չէին մնացեր
ճիշդ է որ ճամբաս չգտայ
բայց գունաւոր էին ամպերը տանս վրայ
եւ ճռուողուն էր լռութիւնը տանս մէջ
թափանցիկ էի ես