
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան Անգարայի մէջ իր թուրք պաշտօնակից Մեւլութ Չաւուշօղլուի հետ հանդիպումէն ետք վերահաստատեց Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման Հայաստանի պատրաստակամութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն»ը։
«Հայաստանը ինքզինք՝ իբրեւ եղբայր պահեց` օգնութեան ձեռք մեկնելով մեզի այս դժուար ժամանակներուն մէջ», ըսաւ Չաւուշօղլու՝ անդրադառնալով աւերիչ երկրաշարժէն տուժած Թուրքիա մարդասիրական օգնութիւն եւ փրկարարներ ուղարկելու՝ Երեւանի քայլին: Ան յիշեցուց, որ Թուրքիա իր կարգին 1988ի Սպիտակի երկրաշարժի ատեն մարդասիրական օգնութիւն ուղարկեց:
«Հայաստան փրկարարներու 28 հոգինոց խումբ ուղարկեց. անոնք առաջին օրէն շատ քրտնաջան աշխատեցան, անոնք փլատակներէն փրկեցին կին մը եւ աղջիկ մը: Կ՛ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել անոնց՝ իրենց անձնուրաց աշխատանքին համար: Հայաստան նաեւ 100 թոն մարդասիրական օգնութիւն ուղարկեց, այսօր եւս յաւելեալ օգնութիւն ուղարկեց: Միշտ կը հարցնեն` արդեօք մենք յաւելեալ օգնութեան կարիք ունինք», ըսաւ Չաւուշօղլու:
«Այս դժուարին պահին գտնուելով Թուրքիայում` եւս մէկ անգամ ցանկանում եմ վերահաստատել տարածաշրջանում խաղաղութիւն կառուցելու եւ մասնաւորապէս Թուրքիայի հետ յարաբերութիւնների ամբողջական կարգաւորման, դիւանագիտական յարաբերութիւնների հաստատման ու Հայաստանի եւ Թուրքիայի միջեւ սահմանի ամբողջական բացման հարցում Հայաստանի Հանրապետութեան պատրաստակամութիւնը եւ ձգտումը», ըսաւ Միրզոյեան:
Ան դիտել տուաւ, որ կարգաւորման մանրամասնութիւններ քննարկուած են, ունին համաձայնութիւն` սահմանի ամբողջական բացման ընդառաջ լուծելու ենթակառուցուածքներու հարցը:
«Ունենք համաձայնութիւն` համատեղ ջանքերով վերանորոգել Անիի կամուրջը, ինչպէս նաեւ հոգ տանել համապատասխան ենթակառուցուածքների մասին սահմանի ամբողջական բացմանն ընդառաջ», նկատել տուաւ ան:
Միրզոյեան իր խօսքը սկսաւ Թուրքիոյ ժողովուրդին եւ կառավարութեան աւերիչ երկրաշարժին առիթով ցաւակցելով: «Շատ ուրախ եմ, որ մեր փրկարարներին իրենց գործընկերների հետ համագործակցութեամբ յաջողուել է փրկել, անել ամենակարեւորն այս իրավիճակում», ըսաւ ան:

Երկու նախարարներուն` մամլոյ ասուլիսին նախորդեցին Չաւուշօղլու-Միրզոյեան առանձնազրոյցը, ապա` ընդլայնուած կազմերով բանակցութիւնները: Չաւուշօղլու ըսաւ, որ կը քննարկեն կարգաւորման գործընթացը: Սակայն, ան Հայասըան-Թուրքիա հաշտեցման գործընթացէն չանջատեց հայ-ատրպէյճանական յարաբերութեան կարգաւորումը:
«Մարդասիրական այս քայլը պիտի աջակցի նաեւ Ատրպէյճանի, Թուրքիոյ ու Հայաստանի յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին: Որեւէ յառաջընթաց, որ կ՛արձանագրուի այստեղ, պիտի օգնէ մեր երկու երկիրներուն: Մենք տեղեկութիւններ կը ստանանք Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ բոլոր քննարկումներուն, բանակցութիւններուն մասին: Եթէ երեք երկիրները անկեղծ քայլերու ձեռնարկեն՝ պիտի կարենանք վերականգնել տեւական խաղաղութիւնը Հարաւային Կովկասի մէջ», յայտարարեց Չաւուշօղլու:
Պարբերաբար «Զանգեզուրի միջանցք»ի բացման մասին խօսող Չաւուշօղլու օգտագործեց միջանցք եզրը, բայց խիստ անորոշ, եւ ըսաւ, որ էական է Մետաքսի ճամբու պատմական կամուրջի (Հայաստան-Թուրքիա սահմանին՝ Ախուրեանի վրայ գտնուող – Խմբ.) վերականգնումը: Այդ ուղղութեամբ Հայաստանի հետ կը պատրաստուին աշխատիլ՝ ըսաւ ան՝ շարունակելով. «Հարաւային Կովկասի մնայուն կայունութեան համար շատ կարեւոր է նաեւ տարածաշրջանի տնտեսական զարգացումը: Այս միջանցքը առաւել կարեւոր կը դառնայ: Խօսեցանք այն քայլերուն մասին, որոնց կրնանք ձեռնարկել: Առաջինը պատմական Մետաքսի ճամբու վերականգնումն է: Եւ ապագային նայելով` մենք, օրինակ, կ՛ուսումնասիրենք սահմանային անցակէտերը, կամուրջները, իսկ ուղիներուն վերաբերեալ կան քայլեր, որոնց կրնանք ձեռնարկել: Եւ մենք համաձայնեցանք արագացնել այս քայլերը: Մետաքսի ճամբու պատմական կամուրջի վերականգնումը շատ էական է»:
Միրզոյեան, որ Չաւուշօղլուէն ետք խօսեցաւ, միջանցքին մասին թուրք պաշտօնակիցին յայտարարութեան չարձագանգեց, միայն խօսեցաւ Անիի կամուրջին մասին:
«Արմէնփրէս»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին թուրք բանագնաց Սերտար Քըլըչ ըսաւ, որ Հայաստան եւ Թուրքիա համաձայնած են նոր թափ հաղորդել հայ-թրքական սահմանը երրորդ երկիրներու քաղաքացիներու համար բանալու աշխատանքներուն, պայմանաւորուածութիւն մը, որ ամիսներ առաջ ձեռք բերուած էր, սակայն ցարդ չէ իրականացած։
Ան նշեց, թէ համաձայնութիւն գոյացած է կարճ ժամանակամիջոցի մը ընթացքին վերագործարկել Մարգարայի կամուրջը` Հայաստանը Թուրքիոյ կապող ամէնէն կարճ ցամաքային ճամբան:
Միրզոյեանին կ՛ընկերակցէր հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման բանակցութիւններուն մէջ Հայաստանի յատուկ ներկայացուցիչ Ռուբէն Ռուբինեան:
Միրզոյեան Անգարայէն մեկնեցաւ երկրաշարժէն տուժած Ատիյաման քաղաքը եւ հանդիպում ունեցաւ հայ փրկարարներուն հետ:
Նախքան Միրղոյեանի Անգարա հասնիլը, Հայաստան 14 Փետրուարի երեկոյեան դարձեալ շուրջ 30 տարիէ ի վեր փակ եղած Մարգարայի կամուրջով մարդասիրական օգնութեան նոր խմբաքանակ մը ուղարկեց աղէտի գօտին:

ԱՐՁԱԳԱՆԳՆԵՐ
Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար պատմական նկատեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի Թուրքիա այցելութիւնը:
«Կարիք ունեցող դրացիին աջակցելու` Հայաստանի որոշումէն ետք, ասիկա պատմական այցելութիւն է: Յոյս ունինք, որ ասիկա Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններուն մէջ սպասուող զարգացումներու լաւ նախանշան է», «Թուիթըր»ի իր էջին վրայ գրած է Քլաար։
Ֆրանսա եւս ողջունեց Միրզոյեանի Թուրքիա այցելութիւնը։ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը այս մասին տարածեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կ՛ըսուի հետեւեալը. «Ինչպէս Սեպտեմբերին Թուրքիա կատարած այցելութեան ընթացքին հնարաւորութիւն ունեցաւ յայտարարելու Եւրոպայի եւ արտաքին գործոց նախարար Քաթրին Քոլոննա, Ֆրանսան կ՛աջակցի Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ ձեռնարկուող ջանքերուն»: