
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին լրագրողի մը խնդրանքով մեկնաբանեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութիւնը, ըստ որուն, Մոսկուա խափանած է ԵԱՀԿի Մինսքի խմբակի ծիրին մէջ հայ-ատրպէյճանական հիմնահարցի լուծման ջանքերը։
«Եթէ հայ-ատրպէյճանական հարցի կարգաւորման ջանքերը խափանողներ կան, անոնք ինքնին արեւմտեան երկիրներն են՝ Միացեալ Նահանգներու գլխաւորութեամբ։ ԵԱՀԿի Մինսքի խմբակի ձեւաչափը պատմութեան աղբանոցը ուղարկուեցաւ, երբ ամերիկացի եւ ֆրանսացի համանախագահները նախորդ տարուան Փետրուարին մտացածին պատրուակով դադրեցուցին ռուս գործընկերոջ հետ համագործակցութիւնը։ Այս է փաստը։ Անոնք այդ արարքին հասկնալի բացատրութիւններ չեն տուած։ Նկատի ունենալով այդ փաստը՝ Ռուսիա կեդրոնացած է եռակողմ ձեւաչափով Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին աջակցելու ուղղութեամբ՝ հիմնուելով բարձրագոյն մակարդակով ձեռք բերուած եռակողմ համաձայնութիւններուն վրայ։ Իսկ ինչ կը վերաբերի Միացեալ Նահանգներու միջնորդութեան, մենք չենք տեսներ, որ անիկա կը պարունակէ իրական քայլեր կամ ունի որեւէ յաւելեալ արժէք», ըսաւ Զախարովա։
Ան նաեւ անդրադարձաւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրի նախապատրաստման՝ նշելով, որ Ռուսիա կը շարունակէ այս հարցին մէջ աջակցութիւն ցուցաբերել իր գործընկերներուն։
«Վերջերս տեղի ունեցան օգտակար այցելութիւններ եւ հաղորդակցութիւններ. Երեւան եւ Պաքու այցելեց հայ-ատրպէյճանական հարցի կարգաւորման գծոով Սերկէյ Լաւրովի յատուկ ներկայացուցիչ Իկոր Խովայեւ։ Թէ՛ հայկական, թէ՛ ատրպէյճանական կողմերը հաստատեցին իրենց հետաքրքրուածութիւնը մեր երկիրի միջնորդութեան նկատմամբ։ Նկատի ունենալով խաղաղութեան պայմանագիրի նիւթի զգայնութիւնը՝ պիտի չներկայացնեմ խորհրդատուութեան մանրամասնութիւնները, սակայն կրնամ անգամ մը եւս վերահաստատել մեր պատրաստակամութիւնը՝ Մոսկուայի մէջ կազմակերպելու Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու այս հարցին շուրջ հանդիպումը», ըսաւ Զախարովա։
Ան յայտնեց, որ Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի դաշնակցային համագործակցութեան հռչակագիրը, առանց չափազանցութեան, պատմական նշանակութիւն ունեցող փաստաթուղթ է։ Ըստ անոր` անորմով ճշդուած է երկու պետութիւններու յարաբերութիւններու նոր որակը։
«Սահմանուած են բոլոր ոլորտներուն մէջ համագործակցութեան հիմնական ուղղութիւնները։ Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի դաշնակցային յարաբերութիւնները կայունացնող գործօն են թէ՛ տարածաշրջանին մէջ եւ թէ միջազգային ասպարէզի մէջ», ըսաւ Զախարովա՝ ըստ որուն, Մոսկուա եւ Պաքու կ՛աշխատին այդ փաստաթուղթի կէտերու իրականացման վրայ։ «Հռչակագիրի ստորագրութեան առաջին ամեակին վերաբերեալ կը ծրագրուին կարգ մը ձեռնարկներ», եզրափակեց ան։
Յիշեցնենք, որ Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի նախագահներ Վլատիմիր Փութին եւ Իլհամ Ալիեւ երկու երկիրներու դաշնակցային համագործակցութեան հռչակագիրը ստորագրեցին Մոսկուայի մէջ, 22 Փետրուար 2022ին։