ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Միացեալ Նահանգներու արտածումի վերահսկման եւ սահմաններու ապահովութեան (EXBS) ծրագիրով, Նոյեմբեր 17ին Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) սահմանապահ զօրքերուն յանձնուեցան «Շեւրոլէ» եւ «Լատա Նիւա» մակնիշի 13 ինքնաշարժներ, որոնք պիտի օգտագործուին Հայաստանի սահմաններու ապահովութեան աշխատանքներուն մէջ:
Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան մէջ տեղի ունեցած յանձնման պաշտօնական արարողութեան ներկայ էին դեսպանատան հաւատարմատար Էնթընի Կատֆրի, Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէնի տեղակալ, զօր. Ռոմիկ Յարութիւնեան, սահմանապահ զօրքերու հրամանատար, զօրավար Արմէն Աբրահամեան եւ այլ պաշտօնատարներ:
Էնթընի Կատֆրի յայտնեց, թէ Հայաստանի որոշ հեռաւոր սահմաններու աշխարհագրական առանձնայատկութիւնները նկատի ունենալով, այս մեքենաները յարմար են եւ կ’օգնեն սահմանապահներուն իրենց աշխատանքը կատարելու համար:
Նշենք, որ EXBS ծրագիրը վերջին քանի մը տարիներուն Հայաստանի սահմանապահ ուժերուն եւ մաքսային ծառայութեան տրամադրած է զննման եւ յայտնաբերման տարբեր սարքեր, մասնաւորապէս, հեռահաղորդակցութեան միջոցներ, սահմանային հսկողութեան զանազան սարքեր, համակարգիչներ եւ այլն: