
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ որոշած է զօրակցիլ Ներկայացուցիչներու տան յառաջիկայ ընտրութիւններուն իր թեկնածութիւնը դրած՝ Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի անդամ Էնթընի Փորթանթինոյի ընտրապայքարին։
Փորթանթինօ անցեալ ամիս յայտարարեց, թէ թեկնածու է 2024ին տեղի ունենալիք Քոնկրեսի ընտրութիւններուն, ներկայացնելու համար Քալիֆորնիոյ քոնկրեսական 30րդ ընտրատարածքը: Ներկայիս նշեալ ընտրատարածքին ներկայացուցիչն է քոնկրեսական Էտըմ Շիֆ, որ վերջերս յայտարարեց, թէ թեկնածու է Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի ընտրութիւններուն:
Նահանգային քաղաքական կեանքին մէջ իր հայանպաստ քայլերով յայտնի Փորթանթինօ յատկանշական քայլեր առած է՝ սերտացնելու համար Քալիֆորնիոյ յարաբերութիւնները Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններուն հետ, հաստատելով Քալիֆորնիոյ, Հայաստանի եւ Արցախի առեւտուրի եւ արուեստի ու մշակոյթի փոխանակման յատուկ յանձնախումբը եւ Հայաստանի հետ նահանգին առեւտուրը սերտացնել կեդրոնները։
«Հայութեան նկատմամբ ծերակուտական Փորթանթինոյի ցուցաբերած հոգատարութիւնը յստակօրէն կ՛երեւի հայութիւնը յուզող հարցերը ջատագովելու նպատակով անոր որդեգրած քայլերով։ Իբրեւ նահանգային խորհրդարանի եւ Ծերակոյտի անդամ՝ ան մօտէն գործակցած է Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին հետ եւ վստահ ենք, որ հայութեան մտահոգութիւնները նաեւ Քոնկրես պիտի հասցնէ, հետեւելով քոնկրեսական Շիֆի օրինակին», յայտնեց Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ իրաւաբան Նորա Յովսէփեան։

Փորթանթինօ Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի անդամ ընտրուեցաւ 2016ին, որմէ առաջ եղած էր նահանգային խորհրդարանի եւ քաղաքապետական խորհուրդի անդամ, ինչպէս նաեւ քաղաքապետ։
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը երկու առիթներով՝ 2011ին եւ 2017ին, իր «Տարուան օրէնսդիրը» մրցանակը շնորհած է Փորթանթինոյին։
2018ին, ան Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին գլխաւորած պատուիրակութեան հետ Հայաստան այցելած էր՝ սերտացնելու համար նահանգին եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւնները եւ կը հանդիսանայ ամերիկացի միակ ընտրեալ քաղաքական գործիչը, որ 44օրեայ պատերազմէն ետք Արցախ այցելած է։ Ան նաեւ նպաստած է Հայ-Ամերիկեան թանգարանին 10 միլիոն տոլարի նահանգային աջակցութիւն ապահովելու ջանքին, ինչպէս նաեւ հանրային վարժարաններուն մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան դասաւանդման համար՝ 500,000 տոլարի աջակցութեան ապահովման։
2021ին, ան առաջնորդեց նահանգային ներդրումները Թուրքիայէն ետ քաշելու օրէնսդրական արշաւը, իսկ վերջերս՝ Արցախի պաշարումին վերջ դնելու պահանջով դիմեց նախագահ Պայտընի վարչակազմին, նահանգային 21 այլ օրէնսդիրներու հետ։
Փորթանթինօ իրեն համար մեծ պատիւ նկատեց Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի զօրակցութիւնը՝ յիշեցնելով, որ իր մօրմէն յաճախ լսած է Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին որբացած մանուկներու պատմութիւնները՝ յիշեցնելով, որ չորս առիթներով Հայաստան եւ Արցախ այցելած է, նոյն ժամանակ խոստանալով շարունակել հայութեան ի նպաստ քաղաքական իր գործունէութիւնը։

