ԼԱ ՀԷՅ.- Արդարադատութեան միջազգային դատարանը 22 Փետրուարին հրապարակեց Բերձորի (Լաչին) միջանցքը վերաբանալու վերաբերեալ ժամանակաւոր միջոց կիրառելու Հայաստանի պահանջի մասին որոշումը՝ հասնելով այն եզրակացութեան (2ի դէմ 13 քուէներով), որ Ատրպէյճան պարտաւոր է, իր ստանձնած պարտաւորութիւններուն համաձայն, ձեռնարկել իրմէ կախեալ բոլոր միջոցները, որպէսզի ապահովէ անձերու եւ փոխադրական միջոցներու անխափան տեղաշարժը Լաչինի միջանցքով՝ երկու ուղղութեամբ:
Դատաւորը նշեց, թէ դատարանը կը նկատէ, որ 12 Դեկտեմբեր 2022էն ի վեր, Արցախի եւ Հայաստանի միջեւ Լաչինի միջանցքով կապը վտանգուած է, եւ այդ պատճառով կը խոչընդոտուի Արցախ կենսական ապրանքներու ներածումը, ուտելիքի, դեղորայքի եւ կեանք փրկող այլ ապրանքներու պակասի, յառաջացնելով անտեղի ճգնաժամ:
Դատարանը յիշեցուց, որ այս տարուան 30 Յունուարին տեղի ունեցած դռնբաց նիստին, Ատրպէյճանի ներկայացուցիչը հաստատեց, որ իր կառավարութիւնը պարտաւոր է ձեռնարկել իրմէ կախեալ բոլոր քայլերը` երաշխաւորելու անձերու եւ փոխադրական միջոցներու եւ բեռներու ազատ տեղաշարժը Լաչինի միջանցքով, շարունակաբար աշխատելով Միջազգային Կարմիր Խաչին հետ: Դատարանը պարզապէս «ի գիտութիւն» ընդունեց այդ յայտարարութիւնը, սակայն շեշտեց, թէ փաստը այն է, որ Պաքուի քայլերը անուղղելի վնաս կը պատճառեն Լաչինի միջանցքով տեղաշարժը վտանգելով եւ կայ հրատապութիւն: Այսինքն` կայ իրական կամ վերահաս եւ անյապաղ վտանգ, որ կրնան յառաջանալ անուղղելի վնասներ` նախքան դատարանին կողմէ գործով վերջնական որոշում տալը: Ուրեմն, դատարանը եզրակացուց, որ ժամանակաւոր միջոցներ կիրառելու համար պայմանները կան եւ բաւարարուած, առ այդ, անհրաժեշտ է, որ դատարանը նախքան վերջնական իր որոշումը որոշ ժամանակաւոր միջոցներ կիրառէ, որպէսզի պաշտպանուին Հայաստանի կողմէ հայցուող դատարանի նշած իրաւունքները:
Դատարանը կ՛արձանագրէ, որ Ատրպէյճանի նախագահի, Հայաստանի վարչապետի եւ Ռուսիոյ նախագահի 9 Նոյեմբերի եռակողմ յայտարարութիւնը կը նախատեսէ, որ Լաչինի միջանցքը պէտք է ապահովէ կապ` Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի միջեւ ու պէտք է մնայ Ռուսիոյ խաղաղապահ ուժերու վերահսկողութեան տակ: Յայտարարութեամբ նաեւ նախատեսուած է, որ Ատրպէյճան պարտաւոր է երաշխաւորել անձերու, փոխադրական միջոցներու եւ բեռներու ապահով տեղաշարժը Լաչինի միջանցքով` երկու ուղղութեամբ՝ աւելցնելով, որ նախքան այս գործով վերջնական որոշման կայացումը, Ատրպէյճան պարտաւոր է ապահովել Լաչինի միջանցքով անխափան տեղաշարժը: Հայաստան 28 Դեկտեմբեր 2022ին պահանջ ներկայացուցած էր դատարանին, պայմանական միջոցներու կիրառման վերաբերեալ՝ նշելով, որ Պաքու կազմակերպած է Արցախի 120,000 հայերու պաշարում՝ պահանջելով ապահովել Լաչինի միջանցքով անխափան ազատ տեղաշարժը։
Դատարանը նաեւ մերժեց Հայաստանի դէմ ժամանակաւոր միջոցներ կիրառելու՝ Պաքուի դիմումը՝ շեշտելով, որ Հայաստանին իրաւունք չունի պարտադրելու, որ Ատրպէյճանին ականազերծում իրականացնելու առիթ տայ կամ ականներ տեղադրելը դադարեցնէ: Ատրպէյճան դատարանին չէ ներկայացուցած ապացոյցներ, որոնք ցոյց կը տան, թէ ականներուն վերաբերեալ Հայաստանի ենթադրեալ վարքագիծը նպատակ ունի վտանգել ատրպէյճանական ծագում ունեցող անձերու իրաւունքները:
Դատարանը նաեւ յիշեցուց, որ 1 Դեկտեմբեր 2021ի որոշումով, դատարանը կիրառած է հետեւեալ ժամանակաւոր միջոցները. «Ատրպէյճան պարտաւոր է, ըստ միջազգային դաշինքի, իր ստանձնած պարտաւորութիւններով, ձեռնպահ մնալ բռնութենէ եւ մարմնական վնաս պատճառելէ բոլոր այն անձերուն, որոնք գերի բռնուած են 2020ի հակամարտութեան ընթացքին եւ կը մնան ազատութենէ զրկուած, նաեւ ապահովել օրէնքի առաջ անոնց հաւասարութիւնը եւ ապահովութիւնը: Միջոցներ կիրառել՝ կանխելու ցեղային խտրականութեան եւ ատելութեան սերմանումը, ներառեալ՝ պետական կառոյցներու, պաշտօնատարներու կողմէ եւ մասնաւորապէս հայերու նկատմամբ»։