Չորեքշաբթի, 22 Փետրուարի յետմիջօրէին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան, Ազգային առաջնորդարանին մէջ ընդունեց ամբողջ հայութեան, Հայաստան-Արցախ հայրենեաց աշխարհի եւ մասնաւորաբար Ազգային առաջնորդարանի ծրագիրներուն մի՛շտ նեցուկ կանգնած գաղութի բարերարներէն՝ Հիլտա Պաղտասարեանը եւ անոր երկու զաւակները եւ հարսերը, Ազգային վարչութեան անդամ Գեւիկ Պաղտասարեանը եւ տիկինը՝ Փօլան, Փիթըր Պաղտասարեանը եւ տիկինը՝ Ռուպին:
Պաղտասարեան ընտանիքը եկած էր առաջնորդին յանձնելու մէկուկէս միլիոն (1,500,000) տոլարի վճարագիր մը, առ ի զօրակցութիւն՝ Վահան եւ Անոյշ Շամլեան Ազգային վարժարանի նոր մանկամսուրին, այսպիսով հանդիսանալով գլխաւոր բարերարը ազգային կրթական նոր կառոյցին:
Սրբազանը ողջունեց ազնուական հիւրերը եւ բարձր գնահատեց Պաղտասարեան եղբայրներու իշխանական այս նոր նուիրատուութիւնը, ի յիշատակ իրենց հօր՝ հանգուցեալ Յակոբ Պաղտասարեանի եւ ի պատիւ իրենց մօր՝ Հիլտա Պաղտասարեանի:
Այս առիթով, Թորգոմ եպիսկոպոսը շնորհակալական խօսք արտասանեց եւ օրհնեց բարերար ընտանիքի հանգուցեալ հօր՝ «Կիլիկեան իշխան» եւ ազգային մեծ հայասէր Յակոբ Պաղտասարեանի յիշատակը, երկար կեանք մաղթեց Հիլտա Պաղտասարեանին եւ մեծարանքով դրուատեց յատկապէս երիտասարդ Պաղտասարեաններու ցուցաբերած անսակարկ ծառայական ոգին եւ բարի կամեցողութիւնը՝ համայնքային կեանքին մէջ ու մանաւանդ Ազգային առաջնորդարանի հոգեւոր, եկեղեցական, ազգային ու կրթական բոլոր տեսակի նախաձեռնութիւններու յաջողութեան ի խնդիր:
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ