
Արցախի նախագահի բանբեր Լուսինէ Աւանեսեան «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Լաչինի միջանցքի բացման ուղղութեամբ այս պահուն կ՛աշխատի ռուսական խաղաղապահ զօրակազմը:
Նախորդ Ուրբաթ, Պաքուի եւ Ստեփանակերտի ներկայացուցիչներուն միջեւ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան նաեւ Արցախը Հայաստանին կապող միակ ճամբու բացման հարցը: Սակայն, տակաւին յստակ չէ, թէ ի՛նչ պայմանաւորուածութիւններ ձեռք բերուեցան այս ուղղութեամբ: «Միջանցքը բացելու ուղղութեամբ ռուսական կողմն է շարունակում աշխատել: Այս պահի դրութեամբ որեւէ նորութիւն չունենք: Արցախեան կողմի դիրքորոշումը մէկն է՝ միջանցքը սահմանուած է 2020 թուականի Նոյեմբերի 9ի եռակողմ յայտարարութեամբ, եւ այն պէտք է գործի այդ յայտարարութեան համաձայն», ըսաւ ան:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ կա՞ն որոշումներ, յոյսեր եւ դրական ընթացք՝ Աւանեսեան ըսաւ. «Շրջափակման իւրաքանչիւր օրը մենք ապրում ենք նման յոյսով»:
Արցախը Հայաստանին կապող միակ ճամբան կը շարունակէ փակ մնալ արդէն 78 օրէ ի վեր: Չէ վերականգնած նաեւ Հայաստանէն Արցախը սնող միակ ելեկտրական գիծը: Հակառակ Արցախի եւ Ատրպէյճանի ներկայացուցիչներուն միջեւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան՝ ատրպէյճանական կողմը տակաւին չ՛արտօներ սկսիլ բարձրավոլթ գիծի վերանորոգման աշխատանքներուն:
Աւանեսեան դիտել տուաւ, որ տակաւին կը սպասեն ատրպէյճանական կողմի քայլերուն՝ աւելցնելով. «Առայժմ դեռ որեւէ գործողութիւն տեղի չի ունեցել, մենք դեռեւս սպասում ենք ադրբեջանական կողմի համապատասխան քայլերին, որոնք հնարաւորութիւն կը տան մասնագէտներին լինել դէպքի վայրում, գնահատել վնասը եւ սկսել վերանորոգման աշխատանքները: Առայժմ Արցախում դեռեւս հովհարային անջատումներով է մատակարարւում ելեկտրականութիւնը»:
«Արցախէներգօ»ի ընդհանուր հարցերու տնօրէն Տիգրան Գաբրիէլեան «Ազատութեան» յայտնեց, որ ճշդած են Բերձոր քաղաքին մէջ գտնուող ելեկտրականութեան գիծի վնասուած բաժինը եւ կարելիութեան պարագային կրնան այցելել եւ վերանորոգել զայն:
Իսկ կազամատակարարումը ներկայ դրութեամբ՝ վերականգնած է: «Արցախգազ»էն փոխանցեցին, որ բոլոր հաստատութիւններուն մէջ կազ կայ:
Արցախի մէջ գործող մանկապարտէզներուն մէջ 27 Փետրուարին սկսաւ ուսումնական գործընթացը: Դպրոցները աւելի կանուխ վերաբացուած էին:
Պաշտօնական Ստեփանակերտը տակաւին չբացայայտեց, թէ Արցախի կողմէ որոն՛ք մասնակցեցան նախորդ Ուրբաթ օր տեղի ունեցած հանդիպումին։
Շրջափակուած Արցախի մէջ տիրող առողջական վիճակին անդրադարձաւ Արցախի առողջապահութեան նախարարութիւնը՝ նշելով, որ շրջափակման եւ Ատրպէյճանի յանցագործութիւններէն բխող անորոշութիւններու եւ սպառնալիքներու յարուցած շարունակական ճնշումին պատճառով՝ նախորդ տարուան նոյն ժամանակաշրջանին հետ բաղդատելով՝ Արցախի մէջ աւելցած են կարգ մը հիւանդութիւններու եւ բարդութիւններու ցուցանիշները:
«Դրանց թւում են սրտի հիւանդութիւնը՝ 58 տոկոս, գլխուղեղի կաթուածը՝ 36 տոկոս, ծննդաբերական բարդութիւնները՝ 11.6 տոկոս եւ մի շարք այլ հիւանդութիւններ: Չափահասների եւ յատկապէս երեխաների շրջանում արձանագրւում է նեարդային ու հոգեբանական խնդիրների աճ՝ նախորդ տարուայ նոյն ժամանակահատուածի համեմատ, որը դրսեւորուել է նեարդաբանի (ջղաբան) ու հոգեբանի մօտ երեխաների այցերի 46 տոկոս, իսկ չափահասների դէպքում՝ 47 տոկոս աճով: Նախորդ տարուայ նոյն ժամանակահատուածի համեմատ՝ 25 տոկոսով աճել են աղիքային անանցելիութեան պատճառով վիրահատական միջամտութիւնների դէպքերը, որը կարող է պայմանաւորուած լինել սննդում բջջանքի սղութեամբ: Իսկ գազամատակարարման պարբերական լրիւ ընդհատումներով ու թերի վերականգնմամբ պայմանաւորուած՝ արձանագրուել է շմոլ գազից թունաւորման 30 դէպք», կը նշուի նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ: